ՖՐԱՆՍԱ – «Ի՞նչ ապագայ Հայաստանի համար» համաժողովը՝ Վանտէի մէջ

Սեպտեմբեր 14-ին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավար, Արցախի վերաբերեալ միջազգային իրազեկման խումբի նախագահ Պրիւնօ Ռըթայօ բանախօսութեամբ հանդես եկան Վանտէ նահանգի Բարձրագոյն հետազօտութիւններու կաթոլիկ հիմնարկին մէջ (Institut Catholique d’Études Supérieures)՝ այդ հիմնարկի «Politeia» քաղաքագիտական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած «Ի՞նչ ապագայ Հայաստանի համար» խորագիրը կրող համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ նահանգի Ռոշ-սիւռ-Իոն քաղաքին մէջ։

Համաժողովին որպէս բանախօսներ հանդէս եկան նաեւ աշխարհագրական  գիտութիւններու դոկտոր, աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական հարցերու փորձագէտ Տաւիտ Թէօթրի եւ Ալփ-Մարիթիմ նահանգի ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Սարաճեան։ Համաժողովին ներկայ էին Բարձրագոյն հետազօտութիւններու կաթոլիկ հիմնարկի նախագահ Էրիք Կերարտի, Հիմնարկի ղեկավար եւ դասախօսական կազմը, բազմաթիւ հետազօտողներ եւ ուսանողներ։  

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանին նուիրուած համաժողովի կազմակերպման համար՝  դեսպան Տոլմաջեան մասնակիցներուն հանգամանօրէն ներկայացուց  Հայաստանի շուրջ ստեղծուած բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ժամ առ ժամ խորացող մարդասիրական ճգնաժամը եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ Հայաստանի գործադրած ջանքերը։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց տարածաշրջանային մնայուն կայունութեամբ հետաքրքրուած միջազգային դերակատարներու՝ արագ եւ հասցէական գործելու  անհրաժեշտութիւնը՝ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ազերպայճանի վարած ցեղային զտման քաղաքականութիւնը կասեցնելու եւ Հայաստանի սահմաններուն ազերպայճանական զօրքերու կուտակումներու հետեւանքով տարածաշրջանային լարումը հետագայ սաստկացումը կանխելու նպատակով։

Համաժողովի բանախօսները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան դերակատարութեան, մտքեր փոխանակեցին կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարներու մէջ տարածաշրջանային հաւանական զարգացումներուն շուրջ։

Թ.Շ.

Խմբագրական