Search
Close this search box.

Սպանիա կ՚աջակցի Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած հազար հայորդիներու

 

Սպանիոյ Միջազգային զարգացման համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (AECID) կ՚աջակցի Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած հազար հայորդիներու։

Լուրը հրապարակուած է Ռուսաստանի մէջ Սպանիոյ դեսպանութեան X-ի պաշտօնական էջին վրայ։

«Մենք՝ յանուն սովի դէմ պայքարի» (@Acontraelhambre) մարդասիրական քայլով պիտի օգնենք 1000 հոգիի, որոնք տեղահանուած են Հայաստան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով։ Շուրջ 250 ընտանիքներ կը ստանան նիւթական, հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութիւն»,– նշուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հակազդեցութիւնը

Սպանիոյ սոյն որոշումին անմիջապէս հակադարձած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Տարօրինակ է տեսնել, թէ ինչպէս երկիր մը, որ կը պայքարի իր տարածքին մէջ անջատողականութեան դէմ, միաժամանակ կ՚աջակցի այլ երկիրներու անջատողականներուն:

Անընդունելի է Սպանիոյ կողմէ Ազերպայճանի ինքնիշխան տարածքին մէջ Հայաստանի կողմէ հաստատուած անօրինական անջատողական վարչակազմը խրախուսելը: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այս ապակառուցողական մօտեցումը»,– նշուած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։