Search
Close this search box.

Ճարտարի բնակիչները դօշաբ ու կորկոտ ղրկած են Ստեփանակերտ

 

Արցախի Ճարտար քաղաքի բնակիչները արդէն երրորդ անգամն է որ դօշաբ (*) եւ կորկոտ կը ղրկեն Ստեփանակերտի իրենց հայրենակիցներուն։ Այս կապակցութեամբ Ճարտարի քաղաքապետարանի Դիմագիրքի էջին կը կարդանք.

«Ճարտարի արեւի ջերմութիւնն ու ճարտարցիներու սէրը ամբարած դօշաբն ու կորկոտը հասաւ Ստեփանակերտ․․․։

Հասցէատէրերը այս անգամ մայրաքաղաքի Սասունցի Դաւիթ փողոցի 200 ընտանիքներն էին, որոնցմէ իւրաքանչիւրին բաժին հասաւ մէկ քիլօ կորկոտ եւ կէս լիթր դօշաբ։

Նախաձեռնութիւնը կ՚իրագործուի ռուսաստանաբնակ խումբ մը հայրենասէր Ճարտարցիներու աջակցութեամբ,  Ճարտարի քաղաքապետարանի աշխատակիցներու եւ կամաւորներու ուժերով»։

(*) Դօշաբը խաղողի եփուած հիւթով պատրաստուած անուշ է։