Գորիսի փողոցներէն պատկեր մը…
Քաղաքացի Շուշան Յովակիմեան Դիմագիրքի իր էջին գրած է.
«Սա իմ նկարածն է, մարդիկ բառացիօրէն փողոցն են, գետինը, երախաներ, տարեցներ…։ Գորիս շատ ցուրտ է…, մարդիկ ժամերով կը սպասեն, որ զիրենք տեղ մը տանին, ու իրենք ալ չեն գիտեր թէ ո՞ւր…, տեղւոյն վրայ Կարմիր Խաչը աշխուժօրէն կ՚աշխատի, բայց մարդոց հոսքը չի դադրեր, շա՜տ է…։
Այս մարդասիրական աղէտի տարողութիւնը յետոյ պիտի հասկնանք»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։