Search
Close this search box.

ԹՈՒՐՔԻԱ – Մահափորձի ծրագրի բացայայտումէն ետք, զօրակցութեան արշաւ ի պաշտպանութիւն Կարօ Փայլանին

Ոմն փաստաբան Մեհմէտ Սինան Ինճէ, որ անցեալին Ալաատտին Չաքըճըի պաշտպանը եղած է, Էնսթակրամի իր էջին վրայ,– ո՜վ գիտէ ի՛նչ հաշիւներով ու ինչպիսի՛ հաշուեյարդարի համար,–  քանի մը օր առաջ գրառում մը ընելով՝ յայտնած էր, որ 2016-ին մահափորձ մը ծրագրուած էր HDP-ցի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ: Ան սապէս գրած էր. «Մուսթաֆա Լէվէնտ Կէօքթաշ. 2016 թուականին Խորհրդարան զէնք մտցնելով՝ սպանել պիտի տայիր Կարօ Փայլանը: Այնպէս ցոյց պիտի տայիր, որ պատուիրողը Ալաատտին Չաքըճըն էր, իսկ ոճիրը գործողը՝ MHP-ն (Թուրքիոյ ծայրայեղ ազգայնական, Գորշ գայլերու կուսակցութիւնը – «ՆՅ»): Ինծի ծրագիր մը կազմել տուիր, բայց այդ ծրագիրը ջուրը ինկաւ երեսփոխանի խորհրդատուին պատճառաւ (Յայտնի չէ, թէ որո՞ւ կ՚ակնարկէ – «ՆՅ»): Բերնէդ փրփուր հոսեցաւ բարկութենէդ, ու մեզ մէկդի շպրտեցիր: Մեզմէ ետք ովքե՞ր գործածեցիր: Քըլըչտարօղլու ինչո՞ւ բռունցք ստացաւ դէմքին: Եւ՝ որմէ՞։ Պատմէ՛ տեսնենք»:

Հոս, նախ փակագիծ մը բանալով՝ պատմութիւնը աւելի հասկնալի դարձնելու համար նշենք թէ՝ Ալաատտին Չաքըճը Գորշ գայլերու նախկին անդամ մըն է, եւ ներկայիս պաշտօնապէս ծանօթ է մաֆիայի պարագլուխ։ Անթիւ, անհամար յանցանքներու համար տասնեակ տարիներով բանտարկութեան դատապարտուած ու ներման արժանացած է (թերեւս մեր ընթերցողներէն ոմանք պիտի յիշեն, թէ 1998-ին ձերբակալուած էր Նիսի մէջ ու փոխադրուած՝ Թուրքիա – «ՆՅ»)։ Իսկ Մուսթաֆա Լէվէնտ Կէօքթաշ ծագումով չերքեզ նախկին գնդապետ մըն է, միանգամայն՝ փաստաբան։ Անոր անունը ծանօթ է քրտական PKK-ի առաջնորդ Ապտուլլահ Էօճալանի՝ Քենիայի մէջ թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ձերբակալման գործողութեան մասնակցութեամբ։

Երկու ենթականերն ալ մօտէն առնչուած են Թուրքիոյ ընդյատակեայ պետութեան կառոյց «Էրկենեքոն»-ի հետ։

Փակագիծը փակենք։

Ինճէի այս գրառումը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է: Կարօ Փայլան սպասած է, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւն բանայ, բայց երբ տեսած է, որ բոլորը ձեռնածալ կը նստին, ինք շարժման անցնելով՝ քննութիւն բանալու համար դիմում կատարած է Դատախազութեան:

Իրաց այս կացութեան մէջ, Փայլանին զօրակցելու համար արշաւ մը բացուած է 424 հոգիի ստորագրութեամբ: Ստորագրողներու միջեւ կան գրողներ, լրագրողներ, ակադեմականներ ու իրաւագէտներ:

Անոնք համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ պետական ու քաղաքական կառոյցներուն կոչ ուղղած են պայքար մղելու ընդյատակեայ պետութեան ու մաֆիական ուժերուն դէմ, որոնք ծրագրած էին սպանել Փայլանը:

Յայտարարութեան մէջ ըսոած է հետեւեալը.-

«Ականատեսը կը դառնանք աննախադէպ բացայայտումի մը: Պետութենէն ներս աւազակախումբերու ու մաֆիայի ներկայութիւնը հասած է այնպիսի ծաւալի մը, որ այլեւս կարելի չէ բան մը թաքցնել: Լէվէնտ Կէօքթաշ, որ Հապլէմիթօղլուի սպանութեան պատուիրատուն է, այժմ օրակարգի վրայ յայտնուեցաւ երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ մահափորձի ծրագրով: Ծրագրուած է եղեր Փայլանը սպանել 2016-ին, Խորհրդարանին մէջ: Աւելի ուշ Մէհմէտ Սինան Ինճէ սպառնալիքներ ուղղած է Կարօ Փայլանին, ըսելով հետեւեալը. “մենք քեզ երկու անգամ մեր աչքին տակ ունեցած ենք, եթէ ուզէինք՝ կ՚ընէինք”:

Այս սպառնալիքը անհաւատալի է: Աւազակախումբին անդամները կ՚ըսեն որ երկու անգամ հետեւած են երեսփոխանին, բայց հրաժարած են սպանելէ, որպէսզի ան չհերոսանայ: Այսպիսի վտանգաւոր դէմքեր ազատօրէն կը շրջին մեր մէջ: Մենք՝ ստորագրողներս, կոչ կ՚ուղղենք պետական ու քաղաքական բոլոր մակարդակներով պայքար մղելու ընդյատակեայ պետութեան ու մաֆիական ուժերուն դէմ: Այս անձերը կ՚օգտուին անպատժելիութենէն: Անոնք վստահ են, որ պիտի չպատժուին ու կը քաջալերուին ներկայ քաղաքական մթնոլորտէն: Պէտք է փոխել իրավիճակը: Կոչ կ՚ընենք համայն հանրային կարծիքին, ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն, կուսակցութիւններուն, լրասփիւռներուն, հասարակական քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն ու գործիչներուն, արհմիութիւններուն՝ ուշադրութեամբ հետեւելու զարգացումներուն, իսկ իշխանութեան՝  պատասխանատւութիւն ստանձնելու, մշուշը փարատելու համար»: