Անոնց, որոնք հարց կու տան թէ՝ Թուրքերու հայատեացութիւնը մինչեւ ո՞ւր կրնայ հասնիլ, պատասխանենք՝ առնուազն մինչեւ հակահայ ելեկտրոնային խաղ ստեղծել։
Արդարեւ, ելեկտրոնային խաղերու թուրք մասնագէտներ ստեղծած են խաղ մը, որու բնաբանը հետեւեալն է.-
«2020-ի Արցախեան պատերազմին սպանուած թուրք զինուորի մը զաւակն էք։ Յատուկ գործողութիւններով պէտք է սպանէք հայ ազգայնականներ եւ նուաճէք հայկական գաւառներ»։
Հոս, ինքնին զզուելի խօսոյթէն անդին կայ կարեւոր այլ մանրամասնութիւն մըն ալ։ «2020-ին սպանուած թուրք զինուոր»-ի զաւկին հետ նոյնանալու համար քանի՞ տարեկան պէտք է ըլլալ. տրամաբանականօրէն մատղաշ տարիքի։ Հետեւաբար, փոքր տարիքէն «Հայ սպանել»-ու խաղով սնած սերունդներ հասցնելու նպատակն ալ անթաքոյց է։
No comment !
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։