Freedom House. Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կառավարման վարկանիշը նուազած է

Հեղինակաւոր Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան՝ անցումային երկիրներու (Nations in Transit 2024) մասին հրապարակած զեկոյցին մէջ, 2023-ին Հայաստանի ժողովրդավարական կառավարման վարկանիշը 2,50-էն նուազած է 2,25-ի՝ կառավարութեան կողմէ իշխանութեան դիրքերու ամրապնդման, կեդրոնական իշխանութիւններու կողմէ ընդդիմադիր քաղաքապետերը պաշտօնանկ ընելու շարունակուող միտումներու եւ իշխող կուսակցութեան գանձատրումներու թափանցիկութեան բացակայութեան պատճառով։ Հետեւաբար Հայաստանի ժողովրդավարութեան միաւորը 3,11-էն իջած է 3,07-ի։

Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ Հայաստանի անվտանգային կացութեան վատթարացումը սրած է Խորհրդարանին մէջ քաղաքական բեւեռացումը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ, խաթարելով կարեւոր հարցերու շուրջ բովանդակալից երկխօսութիւնը։

Ըստ զեկոյցին՝ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները 2023-ի գլխաւոր իրադարձութիւնն էին ներքաղաքական առումով եւ ընտրական գործընթացը  դրական գնահատական ստացած է տեղական եւ միջազգային դէտերու կողմէ։ Սակայն ան յատկանշուած է նաեւ իշխող կուսակցութեան կողմէ վարչական աղբիւրներու չարաշահումով՝ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր աննախադէպ մասշտաբով:

«Թէեւ ընդդիմութիւնը Երեւանի մէջ, ինչպէս ծանօթ է, աւելի զօրաւոր է, քան այլ մարզերու մեծ մասին մէջ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը յամենայն դէպս յաջողեցաւ աւելի շատ ձայն ձեռք ձգել, քան որեւէ այլ կուսակցութիւն, բայց ան բնաւ չհասաւ այն շեմին, որ անհրաժեշտ է քաղաքապետի նշանակման համար։ Փաստօրէն, ՔՊ-ի՝ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հետ դաշնակցութեամբ, քաղաքը այժմ կը կառավարուի փոքրամասնութեան խորհուրդի կողմէ»,– իր զեկոյցին մէջ նշած է Freedom House-ը։

Զեկոյցը կը պարունակէ նաեւ քննադատութիւններ ինչ կը վերաբերի դատական համակարգի անկախութեան եւ եղծանման դէմ պայքարին։

Freedom House-ի զեկոյցի բնագրին կապն է.

https://freedomhouse.org/country/armenia/nations-transit/2024?fbclid=IwAR2guLoIUTBmX9-Bakl3mICBo3IUfz50UbYF284-9t0dbCQ9bMqsYQo-1LE#footnote19_u7uswdo

Խմբագրական