Թեհրանի մէջ կայացած է Փութին-Ռայիսի հանդիպումը

Յուլիս 19-ին, Թեհրանի մէջ կայացած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը։

Իրանի նախագահը յայտնած է, թէ իր երկիրը եւ Ռուսաստան մեծ փորձառութիւն ունին սուրիական տագնապին վերաբերեալ։

“Կը կարծեմ, որ մեր տարածաշրջանը աւելի ապահով դարձած է մեր փորձառութեան եւ համագործակցութեան շնորհիւ։ Միւս երկիրները միայն կը ձեւացնեն, թէ կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ, սակայն մեր յարաբերութիւնները եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ մեր համագործակցութիւնը ապացուցած են, որ մենք կրնանք հասնիլ մեր նպատակներուն”,– նշած է Ռայիսի։

Իր կարգին, նախագահ Փութին յայտնած է, թէ Ռուսաստան-Իրան առեւտուրի աճի առումով կրնան պարծենալ, քանի որ այդ բնագաւառին մէջ մրցանիշ արձանագրած են։

“Մենք կ՚ամրապնդենք մեր համագործակցութիւնը միջազգային անվտանգութեան հարցերու շուրջ՝ զգալի ներդրում ունենալով սուրիական հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ”,– ընդգծած է Ռուսաստանի նախագահը։

Խմբագրական