Ազերի դեսպան. «Ֆաշական հայ ղեկավարներու վերջը՝ Եռաբլուրն է»

Վագիֆ Սատիքով

Եւրոպական Միութեան մէջ Ազերպայճանի դեսպան Վագիֆ Սատիքով ընկերային ցանցերու մէջ Փետրուար 26-ին գրած է, թէ «1992-էն ի վեր Հայաստան կը ղեկավարուի արիւնարբու ֆաշականներու կողմէ. անոնք պիտի մնան ֆաշական՝ մինչեւ Եռաբլուր», այլ խօսքով՝ բոլորն ալ պիտի սպանուին։ 

ՖրանսուաԶաւիէ Պելամիի հակազդեցութիւնը.

«Եւրոպան՝ Եռաբլուրի՛ մէջ է»

Այս ծանրակշիռ յայտարարութեան անդրադարձած է ֆրանսացի եւրոերեսփոխան Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի, Փետրուար 27-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր ունեցած ելոյթին։ 

Ան, յիշելէ ետք ազերպայճանցի դիւանագէտին այս խօսքերը, ըսած է. “Եռաբլուրը հայկական զինուորական այն գերեզմանատունն է, որուն Ազերպայճան վերջին տարիներուն դատապարտեց հազարաւոր 20-ամեայ հայ երիտասարդներ։ Անոնք այլ բան չէին ուզեր, քան խաղաղ ապրիլ իրենց ազգի հողին վրայ։ Այսօր Ազերպայճան կը սպառնայ,– Լեռնային Ղարաբաղէն ետք,– Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։ Եռաբլուրը կը վերաբերի նա՛եւ մեզի։ Եթէ Ալիեւ կը կարծէ, որ իրեն արտօնուած է ամէն ինչ, քաղաքացիական բնակչութիւն մը շրջափակման դատապարտելէ ետք, զայն տեղահանելէ եւ ցեղային մաքրագործում կատարելէ ետք, յարձակումէ եւ բեկորաւոր զէնքերու գործածութենէ ետք, անոր համար է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը զայն որակեց «վստահելի գործընկեր» եւ անկէ գնեց ա՛լ աւելի կազ։ Նման պայմաններու մէջ, ինչո՞ւ ան չկարծէ, որ իրեն ամէն ինչ արտօնուած է։ 

Սիրելի՛ գործընկերներ,

Այլեւս պահը հասած է գործելու եւ հասկնալու, որ Եւրոպա այլեւս իրաւունք չունի լուռ մնալու եւ ժամանակն է ըսելու պարոն Սատիքովին, որ Եւրոպան Պաքուի մէջ չէ, այլ՝ կողքին է ժողովրդավարութեան, ազատութեան, կողքին է  այն քաղաքակրթութեան, զոր մենք կը բաժնենք Հայաստանի հետ, հոն ուր ես այցելեցի եւ ուրկէ նոյնը չվերադարձայ. Եւրոպան Եռաբլուրի՛ մէջ է”։   

Խմբագրական