Search
Close this search box.

Ազերպայճանի բանակը կրակ բացած է Չինարիի եւ Շորժայի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը

Ապրիլ 5-ի երեկոյեան, Չինարիի (Տաւուշի մարզ) եւ Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ Ազերպայճանի բանակը հրացանաձգային զէնքերէ կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը միաժամանակ կը հերքէ Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւնը, որ իբրեւ թէ նոյն օրը, գրեթէ նոյն ժամուն հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան շրջանը տեղակայուած ազերպայճանական դիրքերու ուղղութեամբ, զայն որակելով «յաջորդական ապատեղեկատւութիւն»։