Search
Close this search box.

Ազերպայճան կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանէն ստացած է  ականապատ դաշտերու ութ նոր քարտէսներ, որոնք սակայն ստոյգ չեն…

 

Փետրուար 12-ին, Ազերպայճանի ականազերծման ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ Հայաստանի կողմէ ստացած են ականապատ դաշտերու ութ նոր քարտէսներ, որոնք սակայն ստոյգ չեն եւ կ՚ընդգրկեն նախկին շփման գօտիի տարածքներուն տուեալները: Իրականութեան մէջ անոնք կ՚ընդգրկեն Քարվաճառի շրջանի Մռաւ լեռնաշղթայի շրջակայքը գտնուող ականապատուած տարածքները։