Ալիեւ. «Ազերպայճան հաւատարիմ է խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ տարուող հոլովոյթներուն»

Փետրուար 28-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Պաքուի մէջ ընդունելով Գերմանիոյ խորհրդարանի Տնտեսական յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը յայտարարած է, թէ Ազերպայճան հաւատարիմ է Հայաստանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ տարուող հոլովոյթներուն։

Ընդգծելով, թէ «Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք Պաքու մշակած է խաղաղութեան լուծման հինգ հիմնական սկզբունքներ ու ներկայացուցած խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին նախագիծը», ան յայտնած է, որ «եթէ մենք խաղաղութիւն չենք ուզեր, ինչո՞ւ պատրաստած ենք այս ամէնը»։

Ալիեւ Հայաստանը մեղադրած է «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի յայտնի բանաձեւերը, միջազգային իրաւունքը եւ մարդասիրական չափանիշերը խախտելով Ազերպայճանի հողերը 30 տարի բռնագրաւուած պահելուն համար»։

“Հիմա, երբ մենք վերականգնած ենք մեր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ոչնչացուցած Ղարաբաղի մէջ անջատողականներու որջը, Ազերպայճանն է որ յայտնուած է հարուածի տակ․ մեզ կը մեղադրեն Մաքրոնը, Պորէլը եւ անոնց նման մարդիկ”,– ըսած է Ալիեւ։

Խմբագրական