Search
Close this search box.

Ապրիլեան ոգեկոչում՝ Անթոնիի մէջ (Փարիզեան շրջան)

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, փարիզեան շրջանի Անթոնի քաղաքի Սոյի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած, քանդակագործ Թորոսի կերտած «Հայաստանի արծիւ» յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւնը։ Ներկայ եղած են Հօ-տը-Սէն նահանգի ղեկավարութիւնը, քաղաքապետեր, քաղաքային խորհուրդի անդամներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։

Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեան իր ելոյթին նշած է 20-րդ դարուն տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման կարեւորութիւնը, շեշտելով, որ այդ ոճրագործութեան հեղինակներու անպատիժ մնալու հետեւանքն է մէկ դար յետոյ հայ ժողովուրդի նկատմամբ Արցախի մէջ իրագործուած ցեղային զտումը։ Ան մատնանշելով Ֆրանսայի կարեւոր դերը Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ, յատկապէս դրուատած է ֆրանսահայ քաղաքական գործիչ, նախկին նախարար Փաթրիք Տեվեճեանի ներդրումը,որ յարատեւ պայքար մղած է ժխտողականութեան դէմ։ Ան նաեւ երկար տարիներ եղած է ԱՆթոնիի քաղաքապետ։

Ելոյթներ ունեցած են նաեւ քաղաքապետ Ժան-Իվ Սենան, Տեվեճեանի այրին՝ Սոֆի Տեվեճեան, «Ֆրանքեւհայկական ակումբ»-ի նախագահ Վիսամ Նեհմէ։

Յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք աւարտած է արարողութիւնը։

Միսաք Մանուշեանի անունը կրող հրապարակի բացման արարողութիւնը

Նոյն օրը, քաղաքապետ Սենանի եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ՝ Անթոնիի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուած է Միսաք Մանուշեանի անունը կրող հրապարակը եւ Մանուշեանի խումբի անդամներուն նուիրուած յուշատախտակը։