Ամերիկացի լրագրողուհին կը զգուշացնէ՝ «Ազերպայճան դարձեալ հող կը պատրաստէ յարձակման»

Ամերի­կացի ծա­նօթ լրագ­րո­ղու­հի Լին­ցի Սնել, որ կը լու­սա­բանէ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէի հա­կամար­տութիւննե­րը, X ընկերային ցան­ցի իր հա­շիւին տե­ղադ­րած է հե­տեւեալ պատ­գա­մը.

«Ազեր­պայճա­նական պե­տական լրաս­փիւռ­նե­րը “լու­րեր” կը տա­րածեն, որ Ֆրան­սա եւ Հա­յաս­տան Ջեր­մուկէն կը պատ­րաստո­ւին մօ­տալուտ յար­ձակման Ազեր­պայճա­նի վրայ՝ վկա­յակո­չելով Ֆրան­սա­յի զէն­քի վա­ճառ­քը եւ Եւ­րո­պական Միու­թեան առա­քելու­թեան ներ­կա­յու­թիւնը։ Մենք ասոր ակա­նատես եղանք ան­ցեալին եւս. այ­նուհե­տեւ, Ազեր­պայճան պի­տի պնդէ, որ Հա­յերը խախ­տե­ցին հրա­դադա­րը՝ այդպէ­սով հիմք դնե­լով իր նոր յար­ձակման, [Հա­յաս­տան] ներ­խուժման»։

Խմբագրական