ԱՄՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ – Թուրքիա Նիւ Եորքի քաղաքապետի ընտրութեան համար նուիրատւութիւններ կատարա՞ծ է

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմս

Ամերիկեան պետական հետախուզութեան FBI ծառայութիւնը ստուար հետաքննութեան մը ձեռնարկած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմսի ընտրութեան պարագաները պարզելու համար։

Հարցը ջուրի երես ելած է երբ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2-ին FBI-ի գործակալները լայնածաւալ խուզարկում մը կատարած են Պրայաննա Սակսի բնակարանը։ Վերջինս քաղաքապետ Էտըմսի ամէնէն մօտիկ խորհրդականն է, եւ մա՛նաւանդ ան է, որ 2021-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ զբաղած է ընտրական ծախսերու գանձատրման հարցերով։ 

Ըստ ամերիկեան մամուլին մէջ շրջող լուրերու՝ հարցը նիւեորքաբնակ ամերիկացի Թուրքերու միջոցաւ Թուրքիայէն ստացուած նպաստներու կը վերաբերի, մինչ ամերիկեան Սահմանադրութիւնը խստօրէն կ՚արգիլէ արտասահմանեան օժանդակութիւնները ընտրական գործընթացներու։ ■  

Խմբագրական