ԱՄՆ կը կասեցնէ Ազերպայճանին ռազմական օգնութիւնը

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճեյմս Օ՚Պրայըն Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ունկնդրութիւններուն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը կասեցնէ Ազերպայճանին ռազմական օգնութիւնը։

Ան նաեւ ըսած է, թէ իրենք յստակ հասկցուցած են, որ Սեպտեմբեր 19-ի իրադարձութիւններէն ետք Ազերպայճանի հետ ոչինչ բնական պիտի ըլլայ, քանի դեռ խաղաղութեան ճամբուն վրայ յառաջընթաց չեն նկատած։ Ամերիկացի դիւանագէտը աւելցուցած է, թէ ցարդ ջնջած են քանի մը բարձրաստիճան այցեր եւ դատապարտած Պաքուի ռազմական գործողութիւնները։

«Ազերպայճանին ռազմական աջակցութիւնը արգիլող 907-րդ յօդուածն ալ կը մնայ ի զօրու, քանի տակաւին իրավիճակը չէ բարելաւուած»,– ընդգծած է ան։

Օ՚Պրայընի այս յայտարարութենէն ետք, Պաքու հրաժարած է Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Ուաշինկթընի հանդիպումէն

Ամերիկայի Արտաքին գործոց նախարարի օգնականին խօսքերը բուռն եւ աննախադէպ կերպով քննադատուած են Ազերպայճանի կողմէ։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Նոյեմբեր 16-ին հրապարակած հաղորդագրութեամբ յայտարարած է, թէ ԱՄՆ-ու միակողմանի մօտեցման հետեւանքով այդ երկիրը կրնայ կորսնցնել միջնորդի իր դերը։

«Կարեւոր է նշել, որ այս պայմաններու տակ մենք հնարաւոր չենք համարեր 2023 Նոյեմբեր 20-ին Ուաշինկթընի մէջ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումին մասնակցիլը։ Միաժամանակ սա պահուս նպատակայարմար չեն ԱՄՆ-ու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու այցելութիւնները։ 

Ինչ կը վերաբերի “907-րդ յօդուածին լրամշակման կիրարկումը առժամեայ կասեցնելու հարցին, ապա ամերիկեան կողմի այդ արհամարհական կեցուածքը չարամիտ քայլ մըն է Ազերպայճանի դէմ»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնը նաեւ պնդած է, թէ «Ազերպայճան միշտ ալ յարգած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:■

Խմբագրական