Search
Close this search box.

ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը մեղմացուցած է Հայաստանի տարածքին իր քաղաքացիներու այցելութեան սահմանափակումները

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպանութիւնը Դիմագիրքի իր էջին գրառումով կը հաղորդէ, թէ կը մեղմացնէ Հանրապետութեան տարածքին իր քաղաքացիներու այցելութեան սահմանափակումները, միաժամանակ իր աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն թելադրելով խուսափիլ Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Արարատի մարզերուն մէջ սահմանամերձ կարգ մը բնակավայրեր ուղեւորութիւններէ։ 

Սահմանափակումները կը վերաբերին՝ Գեղարքունիքի մարզ՝ Վարդենիսէն արեւելք, Սիւնիքի մարզ՝ Գորիսէն արեւելք, Սիւնիքի մարզ՝ Կապանէն հարաւ ինկած հատուածները. Արարատի մարզի Երասխ գիւղով երթեւեկը կ՚արտօնուի, կանգ առնելը՝ ոչ:

«Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է շարունակեն զգուշ ըլլալ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ բոլոր միջազգային սահմաններու մերձակայքը այցելութեան ատեն: Պէտք է նկատի առնուի, որ ճամբու կարգ մը հատուածներ կրնան հատել միջազգային սահմանները առանց ծանուցման: Ճամբաները կրնան վերահսկուիլ հսկիչ անցակէտերով կամ փակուիլ ճամբորդներուն դիմաց՝ առանց նախազգուշացման»,– մասնաւորապէս նշուած է ԱՄՆ-ու դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, թէ նախորդ նախազգուշացումը դեսպանութիւնը հրապարակած էր 2023 Սսեպտեմբեր 19֊ին՝ Արցախի դէմ Ազերպայճանի ռազմական յարձակման օրը։ Այն ժամանակ սահմանափակումները կը վերաբերէին նաեւ Տաւուշի մարզին եւ Արցախին։