ԱՄՆ-ու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է «Հայաստանի պաշտպանութեան ակտ»-ը

Նոյեմբեր 15-ին, ԱՄՆ-ու Ծերակոյտը միաձայնութեամբ որդեգրած է Միշիկընէն ծերակուտական Կերի Փիթըրզի հեղինակած «Հայաստանի պաշտպանութեան ակտ» օրինագիծը, որու նպատակն է երկու տարուան համար սառեցնել այն իրաւասութիւնը, զոր կը վայելէ ԱՄՆ-ու նախագահը՝ շրջանցելու համար «Արտաքին գործառոյթներու գանձատրման եւ յարակից ծրագրերու յատկացումներու մասին» օրէնքին մէջ  աւելցուած՝ Ազերպայճանին ռազմական օժանդակութիւնը արգիլող  907-րդ յօդուածը։ 

Օրինագիծը ի զօրու պիտի դառնայ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուելէ եւ նախագահին կողմէ ստորագրուելէ ետք: 

Սոյն օրէնքով Ազերպայճան առնուազն երկու տարի պիտի զրկուի ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէ։  

Ծերակուտական Փիթըրզ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Արցախի դէմ ազերպայճանական յարձակումը՝ սկսեալ շուրջ տասնամսեայ շրջափակումէն մինչեւ Սեպտեմբեր 19-20 ռազմական գործողութիւնները։ Նշելով թէ նախագահ Ճօ Պայտըն Ազերպայճանի շարունակական յարձակումներու ընթացքին ալ չէ դադրեցուցած վերջինիս տրամադրուող օժանդակութիւնը՝ Փիթըրզ Ծերակոյտի իր պաշտօնակիցներուն յորդորած է գործի անցնիլ.

“Եթէ մենք քայլերու չձեռնարկենք երբ երկիրները դիտաւորեալ կ՚անտեսեն իրենց հետ մեր համաձայնագրերու պայմանները, մեր համաձայնագրերը կը դառնան անիմաստ եւ անատամ: Ես կոչ կը յղեմ իմ գործընկերներուն միանալու ինծի՝ Ազերպայճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու, գործադրելու մեր համաձայնութիւնները եւ կանգնելու՝  չհրահրուած յարձակման ենթարկուած հայ ժողովուրդի կողքին”:

ԱՄՆ-ու նախագահի թեկնածուն Ազերպայճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան արգիլումը ճիշդ քայլ կը համարէ

ԱՄՆ-ու նախագահի թեկնածու Վիվեք Ռամասուամի արձագանգած է Ծերակոյտի որդեգրած օրինագծին, զայն ճիշդ քայլ համարելով։ Ան X-ի իր էջին հետեւեալը գրած է.

«Ամօթալի է, որ ԱՄՆ-ու հարկատուներու գումարները օգտագործուած են Ազերպայճանի կողմէ հայ քրիստոնեաներու հալածանքները գանձատրելու նպատակին։ Կը զարմանամ, որ ո՛չ մէկ նախագահի թեկնածու երբեք չէ ճանչցած այդ վայրագութիւնները։ Ազերպայճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան արգիլումը ճի՛շդ քայլ մըն է»։

Խմբագրական