Search
Close this search box.

Ամսթերտամի մէջ Թումօ կեդրոն կը բացուի

Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը կը հաղորդէ, թէ Նետերլանտներու առաջին Թումօ-ն կը բացուի 2025-ի սկիզբը՝ Ամսթերտամի մէջ: Կեդրոնին մէջ կրնան ուսանիլ մինչեւ հազար ուսանողներ, իսկ մօտ ապագային կը հիմնուի նաեւ 2 Թումօ տուփ՝ նորարարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն ընձեռելով եւս քանի մը հարիւր պատանիներու:

Նախագծի պաշտօնական սկիզբը դրուած է Ապրիլ 16-ին՝ Թումոյի զարգացման տնօրէն Բեկոր Փափազեանի եւ նետերլանտական կողմի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին: Թումօ-Ամսթերտամը կարելի կը դառնայ շնորհիւ հանրային և մասնաւոր ոլորտներու գործընկերութեան, որուն մաս կը կազմեն Ամսթերտամի քաղաքապետարանն ու հանրային գրադարանը, ինչպէս նաև TomTom, Adyen, Just Eat Takeaway.com եւ Miro ընկերութիւնները:

10-րդ միջազգային Թումօ կեդրոնը կը բացուի Ամսթերտամ-Զիւիտուսթ շրջանին մէջ։