Search
Close this search box.

Անգլերէնով լոյս տեսած է «Արամ Խաչատրեան» պատկերազարդ ժողովածուն

Լոյս տեսած է «Արամ Խաչատրեան» պատկերազարդ ժողովածուն, անգլերէն լեզուով: Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանէն կը յայտնեն, որ երաժիշտին 120-ամեակին առիթով հրատարակուած այս ժողովածուն կ՚ամփոփէ անոր կեանքը, ստեղծագործական գործունէութիւնը, շրջագայութիւններն ու համերգները, ինչպէս նաեւ հանդիպումները՝ մեծանուն մարդոց հետ:

Գիրքին մէջ ընդգրկուած են երգահանին մտորումներն ու յատկանշական խօսքերը, անոր մասին ասոյթներ, արտասահմանի երաժիշտներու եւ մամլոյ արձագանգները, հատուածներ իր նամակներէն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ, ազդագրեր, նախագիծեր եւ ձեռագիր նօթեր Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի հաւաքածոյէն, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ կը հրապարակուի:

Ժողովածուն լոյս ընծայուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան մեկենասութեամբ: