ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Հոգեւոր պետերը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՚ուղղեն Արցախի զօրակցութեան համատարած աշխատանքներ ծաւալելու

Արամ ԱՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյնմարմիններու ներկայացուցիչներուն, Սեպտեմբեր 6-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական յատուկ նիստ մը, միակ օրակարգունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը։

Նիստին կը մասնակցէին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏՌաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, Մերձաւոր ԱրեւելքիՀայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյնմարմիններու ներկայացուցիչները՝ տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան (Հ.Յ.Դ.), տոքթ. Աւետիս Տագէսեան (Ռ.Ա.Կ.) եւ տոքթՎազգէն Համալեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), ՄեծիՏանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետներ՝ տեարք Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւԳրիգոր Մահսէրէճեան, եւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող տիար Շահան Գանտահարեան։

Ժողովը կայացաւ մեր հայրենիքին համար ծանրագոյն պայմաններուն մէջ։ Ազերպայճանի յարձակողապաշտ ռազմաքաղաքական վերջին օրերուդրսեւորումները կ՚ընդգծեն ամբողջական միասնականութեամբ դիմակայելու մեր հաւաքական գոյութեան սպառնացող վտանգները։

Հոգեւոր պետերն ու քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները նախ զեկուցեցին այս հրատապ օրակարգին ուղղութեամբ իրենց տարածաշխատանքներուն մասին։

Զեկուցումներէն ետք, կայացած խորհրդակցութիւններու եւ քննարկումներու ընթացքին ժողովը հաստատեց.

Ա) Հարկ է, որ մեր բոլոր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները շարունակեն անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնիլ Արցախին եւ Արցախի հայութեանպատմական իրաւունքներու արդար պայքարին։

Բ) Կոչ կ՚ուղղենք Արցախի քաղաքական բոլոր ոյժերուն համախմբուելու էական նպատակներու շուրջ եւ միասնական ոգիով անգամ մը եւս ապացուցելուարցախահայութեան բռնցքուելու վճռականութիւնը՝ դիմադրելու թշնամիին եւ իր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման:

Գ) Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Արցախի բանակցութիւններուն կառչած մնալու ինքնորոշման իրաւունքին։

Դ) Իրազեկել հանրային կարծիքը, որ Ազերպայճան Արցախը պաշարելով դիմած է ցեղասպանական քաղաքականութեան, որուն նպատակն է Արցախիհայաթափումը։

Ե) Դիմել միջազգային բոլոր ատեաններուն, որպէսզի աներկբայօրէն դատապարտեն Ազերպայճանի նկրտումները եւ ամէն միջոց ի գործ դնենանյետաձգելիօրէն ապահովելու համար Արցախի ապաշրջափակումը։ Հայաստանի հետ Արցախի ազատ տեղաշարժի ապահովումը երաշխաւորող կողմըունի յատուկ պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն, զորս ստանձնած է 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ։

Զ) Աշխատանք տանիլ արցախեան հակամարտութեան լուծման գործընթացին առնչուող բոլոր պետութիւններուն մօտ, որպէսզի պարտադրենԱզերպայճանին յարգելու մինչ այդ կայացած համաձայնութիւնները եւ անմիջապէս բանալու Բերձորի միջանցքը։

Է) Անյապաղ օգնութեան փութալ՝ մարդասիրական աղէտի առջեւ գտնուող Արցախի ժողովուրդին, լծուելով համահայկական տարողութեամբաշխատանքներու։

Համայն հայութիւնը այսօր ունի գլխաւոր առաջնահերթութիւն՝ համախմբուի՛լ եւ համակարգուած աշխատանքներ իրականացնել Արցախի շրջափակումըվերացնելու համար։

ՀայաստանԱրցախՍփիւռք եռամիասնական համակարգի վերականգնումով, մեր հոգեւոր, ազգային եւ քաղաքական բոլոր կառոյցներն ուկազմակերպութիւնները պարտին հրատապօրէն աշխատիլ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին մեկնակէտով՝ Արցախի ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներունեւ անվտանգութեան ապահովման նպատակին ընդառաջ։

Հոգեւոր պետերը եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կոչ կ՚ուղղեն, եռամիասնական համակարգի սկզբունքէն մեկնած, բոլորերկիրներուն մէջ, ուր կազմակերպուած համայնքներ գոյութիւն ունին, աշխատանք տանիլ հարկ եղած բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախի հայութեանզօրակցելու եւ Արցախի ապաշրջափակումը իրականացնելու նպատակով։

Խմբագրական