Search
Close this search box.

Անկախութեան Հռչակագիր եւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւն

Օգոստոս 23-ը Անկախութեան հռչակագիրի 33-րդ տարեդարձի օրն էր. նաեւ՝ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու ընտրարշաւի սկսման օրը։ Հռչակագիրը հիմքը դրաւ Հայաստանի վերանկախացման գործընթացին։ Իսկ Երեւանի ընտրութիւնները որոշիչ դեռ պիտի խաղան Հայաստանի քաղաքական դաշտի վերաձեւաւորման մէջ. հակառակ անոր, որ անոնք տեղական ինքնակառավարման մակարդակի ընտրութիւններ են, այսուհանդերձ մայրաքաղաք Երեւանը աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչներով՝ Հայաստանի բնակչութեան առնուազն մէկ երրորդը հաշուելով, այս ընտրութիւնները համազգային նշանակութիւն կը ստանան։ Կարեւոր ցուցանիշ մը՝ ժողովրդային ընտրազանգուածին խորքային քաղաքական տրամադրութիւններուն։

Բնականաբար, Արցախի աղէտալի ճակատագիրը աւելի կը շեշտէ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեան քաղաքական իմաստը եւ պիտի ընկալուի ուղղակի գնահատական մը Փաշինեանի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան՝ Արցախի ինքնիշխանութեան նման գերզգայուն հարցին նկատմամբ, որ Հայութիւնը լինելութեան ճակատագրական հարցադրումի առջեւ կը դնէ՝ Հայաստանը Արցախո՞վ, թէ՞ առանց Արցախի։

Ասկէ զատ, Արցախի մարդասիրական աղէտը չէր բաւեր, վրան աւելցաւ ներքաղաքական տագնապը, յատկապէս ՀՅԴ-ի խորհրդարանական Դաւիթ Իշխանեանի Խորհրդարանի նախագահ ընտրուելէն ետք, որուն խմբակցութիւնը միայն երեք անդամէ բաղկացած է։ Զրկուած՝ խորհրդարանական մեծամասնութենէ, Ազգային ժողովի նախագահին իրաւասութիւնները կը դառնան սահմանափակ։ Կոչեր եղան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող, մա՛նաւանդ՝ Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Արթուր Թովմասեանի կողմէ։ Իսկ նախկին Պետական նախարար, գործարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեան ուղղակի ամբաստանեց նախագահը, իբրեւ՝ անկարող ղեկավար եւ հրամանատար։

Նոյն Ռ. Վարդանեանը Արցախէն կոչ ըրաւ Երեւանցիներուն իրենց քուէն տալու Մանէ Թանդիլեանի «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան։ Այս անկայուն ու անհամերաշխ մթնոլորտը բնականաբար աւելի կը նպաստէ ազերական կողմին ապակայունացնող քաղաքականութեան։ Արցախի ժողովուրդը պէտք ունի կայուն կառավարական համակարգի, երկրին նախագահութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ միակ ընտրեալ ու կայուն հաստատութիւնն է, որ պէտք է անսասան գործէ ու համախմբէ քաղաքական բոլոր ուժերը։

Ռուբէն Վարդանեան, Հայաստանի վարչապետին հասցէին եւս «դաւաճան» ամբաստանութիւնը արձակած է, ինչ որ կը զօրացնէ այն վարկածը, թէ յաջորդ ընտրութիւններուն անհաւանական չէ որ ան ստանձնէ ՀՀ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարի պաշտօնը ու վայելէ ռուսաստանեան թեւի հովանին։

Արցախի ճգնաժամի լոյսին տակ՝ այլ իմաստ կը ստանայ 1990-ի Հռչակագիրը, որուն վարչապետ Փաշինեան այս տարուան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ անդրադարձաւ, զայն անուանելով Հայաստանի անկախութիւնը արգելակող ազդակ։ Հռչակագիրը անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացի սկիզբը դրաւ, հիմնուելով 1989 Դեկտեմբեր 1-ի «Հայկ. ԽՍՀ եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Խորհ.Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշումին վրայ։

33 տարի ետք, 2023-ին, Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններու պատկերը շատ հեռու է 1990-ի Հռչակագիրի ոգիէն եւ բովանդակութենէն։ Անկախութեան տարիներուն հայկական ոչ մէկ կառավարութիւն յանդգնեցաւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ ապահովել անոր միացումը Հայաստանին։ Ընդհակառակն, Ազերպայճան անդադար ու յամառօրէն պնդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը իր անբաժան մասնիկն է եւ զինեալ միջոցներով հետապնդեց Արցախը վերագրաւելու իր ռազմավարութիւնը, հիմնուելով հողային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ։ Եւ ի վերջոյ յաջողեցաւ 2020-ին մղած պատերազմով վերագրաւել եւ պարտադրել խաղաղութեան իր պայմանները Հայաստանին եւ Արցախին։

Ինչո՞ւ Հայաստան 1994-ին չյաջողեցաւ Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը խաղաղութեան դաշինքով պսակել։ Ինչո՞ւ չկրցաւ ստիպել Ազերպայճանն ու միջազգային հանրութիւնը, որ խաղաղութեան դաշինք ստորագրուի։ Ինչո՞ւ չշարունակեց պատերազմը մինչեւ որ Ազերպայճանը ստիպէ ընդունելու խաղաղութեան պայմանագիրը եւ գոհացաւ ռուսական միջնորդութեամբ զինադադարով։ Ի տես, այսօրուան դառն իրականութեան՝ այս հարցումները ջուրի երես կու գան։ Զանազան բացատրութիւններ կը տրուին, սակայն պատմութիւնը իր վերջնական գնահատականը չէ տուած դեռ։ Որո՞նք էին պետական դէմքերու թերացումներու կողքին՝ ձախողութեան առաջնորդող առարկայական գործօնները։   

Ժ.Չ. ■