Search
Close this search box.

Աշխարհահռչակ դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ դասախօսած է Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Ապրիլ 19-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել» նիւթին շուրջ դասախօսած է Պատժական միջազգային ատեանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփօ։

Երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք Մայրավանք գտնուելու հրաւէրին համար՝ ան կենդանի օրինակներով ընդգծած է հայու տիպարին պայքարող գիծը եւ քաջալերած չմարել այս ոգին՝ յաղթահարելու համար ներկայ մարտահրաւէրները։

Օքամփօ նաեւ անդրադարձած է Ցեղասպանութեան հռչակագիրին սահմանափակումներուն եւ Պատժական միջազգային ատեանի դատախազութեան օրերու իր գործունէութեան՝ ընդգծելով, որ համաշխարհային միասնականութիւնը կարեւոր է պայքարելու մեծ պետութիւններու վարած քաղաքականութեան դէմ։ Հուսկ, ան խօսած է Արցախի հարցին առնչութեամբ իր հետաքրքրութեան եւ այս ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն մասին։

Այնուհետեւ, Արամ Ա. կաթողիկոս իր օրհնութեան խօսքը ուղղած է ներկաներուն։ Ան բարձր գնահատելով դոկտ. Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հայանպաստ աշխատանքը եւ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին մէջ անոր ունեցած ներդրումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրած է զինք։