Ապրիլ 28-ին, Փարիզի մերձակայ Արնուվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման հանդիսաւոր արարողութիւն։

Տեղւոյն Վարագայ Սուրբ Խաչ հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած հոգեհանգստեան աղօթքին յաջորդած է քայլերթ՝ դէպի քաղաքի Հայոց ցեղասպանության նահատակներուն յիշատակը  յաւերժացնող խաչքար-յուշարձանը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուած են քաղաքապետ Փասքալ Տոլի, Հայաստանի դեսպանութեան երրորդ քարտուղար Շիրազ Յովակիմեանի, Վալ տ՚Ուազ նահանգի պաշտօնատարներու, տեղւոյն հայ եւ ասորի համայնքային եւ եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Ելոյթներով հանդէս եկած են քաղաքապետը, փոխքաղաքապետ Քրիսթոֆ Ալթունեան և Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչը։