Search
Close this search box.

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ – ՄԷՕՏՈՆ (Փարիզեան շրջան)

Ապրիլ 27-ին, Փարիզեան շրջանի Մէօտոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն։ Ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Մէօտոնի քաղաքապետ Տընի Լարկեռօ, Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ընկերակցութեան (ANACRA) նախագահ Լեւոն Յովնանեան, ֆրանսահայ կառոյցներու, հոգեւոր դասի, տեղւոյն հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

Իր ելոյթին տիկին Տոլմաջեան ընդգծած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումին եւ անոր անպատժելիութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի չկրկնուին մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է տեղւոյն քաղաքապետութեան՝  յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին որդեգրած բանաձեւերուն համար։ 

Աւարտին, ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղած են Արարատ լեռը պատկերող յուշակոթողին առջեւ։