Search
Close this search box.

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ – Պոսթընի ոգեկոչման ընթացքին մեծարուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած 110-ամեայ տատիկը

Պոսթընի մէջ ոգեկոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը` Նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ, որու ընթացքին մեծարուած է Ցեղասպանութիւնը վերապրած 110-ամեայ Մերի Վարդանեան։

Վարդանեան մեծարանքի արժանի նկատուած  է  Մասաչուսեցի մէջ հայկական մշակոյթը վառ պահելուն համար։

«Եթէ Մերիի խիստ աշխատասէր վարքը արժանացած է իր համայնքի շատերու յարգանքին եւ գնահատանքին, այժմ որոշուած է, որ Մասաչուսեցի Ծերակոյտն ու Պալատն ալ միասնաբար մեծարեն Մերի Վարդանեանը Գոմոնուելթի շրջանակին մէջ՝ ամերիկահայ համայնքէն ներս անոր ունեցած աւանդին համար»,– ըսած է Մասաչուսեցի նահանգի ծերակուտական Ուիլ Պրաունսպերկեր:

Ծնած է Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ վերապրած

Վարդանեան, որ կ՚ապրի Ճամայիքա Փլեյն, Պոսթընի ոստիկանութեան յատուկ ուղեկցութեամբ ժամանած է Նահանգապետարան։ Ընտանիքը յայտնած է, որ ան ծնած է Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ 1970-ականներուն հաստատուած է ԱՄՆ: Մերի ամէն տարի ներկայ եղած է Նահանգապետարանին մէջ տեղի ունեցող՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարգին, բայց սա առաջին տարին է, որ ան կը մեծարուի: Նոյնպէս ըստ անոր հարազատներուն՝ ան իր երկարակեցութիւնը կը վերագրէ ընտանիքին եւ մշակոյթին ուժեղ փարումին:

***

Ոգեկոչումը սկսած է Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս շաբաթօրեայ հայկական նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ Հայաստանի փառերգի կատարողութեամբ։ Ելոյթ ունեցած է նաեւ նահանգային խորհրդական Տեյվիտ Մուրատեան, որ Պալատին ծառայող երկու ամերիկահայերէն մէկն է: