Արգիշտի Քեարամեան. «Ազերպայճան կը հաստատէ իր քով գտնուող 23 հայ գերիի գոյութիւնը․ հայկական կողմը ունի 32 գերիի մասին եւս փաստուած տուեալներ»

«Լուրեր»-ուն տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան հաղորդած է, որ Ազերպայճան կը հաստատէ իր քով 23 հայ գերիներու գոյութիւնը՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ հայկական կողմը փաստուած տուեալներ ունի նաեւ 32 ուրիշ գերեվարուածներու մասին:

«44-օրեայ պատերազմէն ետք 32 անձի բռնի անհետացման մասին ունինք փաստուած տուեալներ, որոնք ներկայացուած են պետական վերին ատեաններուն»,– ըսած է Քեարամեան:

Ան նշած է, որ անոնցմէ 22-ի մասին կան նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի միջանկեալ միջոց կիրարկելու որոշումներ, սակայն Ազերպայճան կը հերքէ այդ անձերու բռնի անհետացման փաստը։

«Ազերպայճանի վերջին յարձակման հետեւանքով Արցախի մէջ զոհուած է 223 հոգի, որոնցմէ 5-ը՝ անչափահաս

Քեարամեան նաեւ հաղորդած է, որ Արցախի դէմ Ազերպայճանի վերջին յարձակման հետեւանքով զոհուած է 223 հոգի, 5-ը՝ անչափահաս, վիրաւորներու թիւը 244 է:

Ան տեղեկացուցած է, որ Քննչական կոմիտէն նախաձեռնած է դատաքննութեան՝ ցեղային զտման հարցով, եւ Արցախահայութեան բռնի տեղահանման հանգամանքները կը քննուին բացառապէս այդ շրջանակին մէջ:

«2023 Սեպտեմբեր 19-20-ին Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած է 223 հոգի, 25-ը՝ պարզ քաղաքացիներ: Զոհերուն մէջ կան 5 անչափահասներ»,– ըսած է Քննչական կոմիտէի նախագահը:

Ազերպայճանի այդ նոյն յարձակման հետեւանքով վիրաւորներուն թիւը 244 է, անոնցմէ 76-ը անմեղ քաղաքացիներ եւ 10-ը անչափահասներ են: Անհետացածներու թիւը 20 է, որոնցմէ 5-ը՝ պարզ քաղաքացիներ:

Քեարամեան նաեւ նշած է, որ արձանագրուած են շուրջ երկու տասնեակ պղծումի դէպքեր՝ դիակներու նկատմամբ:

Արցախէն բռնի տեղահանութեան ճամբուն վրայ եւս մահացածներ կան, արձանագրուած են մահուան պարագաներ նաեւ տեղ հասնելէ կարճ ժամանակ յետոյ: «Այս իրականութիւնը պայմանաւորուած է այն մեծ հոգեբանական ազդեցութեամբ, որուն ենթարկուած են մեր հայրենակիցները: Այդ ընթացքին շուրջ եօթը տասնեակ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ մահուան դէպքեր արձանագրուած են»,– հաղորդած է Քեարամեան:

«Այս ամէնը քննութեան առարկայ են ցեղային զտման վերաբերեալ յարուցուած քրէական գործի շրջանակին մէջ»,– ըսած է ան:

Խմբագրական