Search
Close this search box.

Արժանթին մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար

Արժանթին մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Ազերպայճանի կողմէ ցեղային զտման ենթարկուելու հետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ  Հայաստան ապաստանած բնակչութեան համար։

Արժանթինի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան հայթայթած շուրջ 11 թոն մարդասիրական օժանդակութեամբ բեռնուած օդանաւը Հոկտեմբեր 22-ին վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայանը: Բեռը կը պարունակէ տաք հագուստ, կօշիկ, մանկական առողջապահական պարագաներ, անձեռոցներ, ելեկտրական տաքցնող սարքներ եւ այլ իրեր։