Search
Close this search box.

Արշիլ Կորքիի «Ածխացած սիրահարները I» կտաւը աճուրդի հանուած է 20 միլիոն տոլարի

 

Ամերիկահայ հանրայայտ նկարիչ Արշիլ Կորքիի «Ածխացած սիրահարները I» (1946) կտաւը Christie’s-ի Նիւ Եորքի մէջ Նոյեմբեր 9-ին նախատեսուած  «20-րդ դարու արուեստ» աճուրդի ամէնէն արժէքաւոր գործերէն է։ Փորձագէտներուն նախնական գնահատականը մէկուկէս մեթր բարձրութիւն ունեցող այս նկարին համար 20 միլիոն տոլար է։

Եթէ կտաւը այդ գինով վաճառուի, ան պիտի դառնայ Արշիլ Կորքիի՝ աճուրդով վաճառուած ամէնէն սուղ ստեղծագործութիւնը։  Առայժմ նկարիչին ամէնէն թանկ կտաւը կը համարուի «Բարի օր, տիկին Լինքոլն»-ը (1944), որ Christie’s-ի աճուրդին վաճառուած է 2018-ին, 14 միլիոն տոլարի։

Christie’s-ի կայքին Արշիլ Կորքիի «Ածխացած սիրահարները I»  աշխատանքը աճուրդի ներկայացուած է՝ «Ամենահիասքանչ փիւնիկ» բնութագրումով, ինչպէս Արշիլ Կորքի վեր յառնեցաւ մոխիրներէն՝ գլուխ-գործոց ստեղծելու համար…։