Արցախէն բռնի տեղահանուածներու լուսանկարը TIME-ի 100 լաւագոյններէն

 

Արցախէն բռնի տեղահանուածներու լուսանկարը ընդգրկուած է TIME ամսագրի՝ 2023-ի 100 լաւագոյն լուսանկարներու շարքին։

Լուսանկարին մէջ պատկերուած են Արցախցիներ, որոնք ստիպուած էին լքելու իրենց հայրենիքը՝ 2023 Սեպտեմբեր 19-ին, Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններու պատճառով։ Լուսանկարի հեղինակը Նաննա Հեյթմանն է (The New York Times/Redux):

«Կառքը Կոռնիձորէն կը փոխադրէ Լեռնային Ղարաբաղէն ժամանած գաղթականները․ Հայաստան․ Սեպտեմբեր 25»,– նշուած է լուսանկարի նկարագրութեան մէջ։

Մնացեալ լուսանկարները կարելի է դիտել այստեղ։

https://time.com/6337364/top-100-photos-2023/

Խմբագրական