Search
Close this search box.

Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 80 հազար հոգի արդէն ստացած է հարիւրհազարական դրամ

 

Հայաստանի կառավարութիւնը անոնց կարիքներուն համար յատկացուցած է շուրջ 100 միլիոն տոլար 

Վարչապետ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին Հոկտեմբեր 13-ին տեղադրած գրառումով կը տեղեկացնէ, թէ Արցախէն բռնի տեղահանուած շուրջ 80 հազար հոգի արդէն ստացած է 100-հազարական դրամ: 

«ՀՀ կառավարութեան Մարդասիրական կենտրոնը («Հումանիտար կենտրոն») նախատեսուածից աւելի արագ աշխատեց եւ կառավարութեան երէկուայ նիստում յայտարարուած թուի փոխարէն, այսօր՝ խոստացուած 100 հազարները ստացան աւելի մեծ թուով՝ Արցախից 29.078  բռնի տեղահանուածներ, որոնցից 14.593-ը երեխաներ:

Այսպիսով՝ ընդհանուր առմամբ խոստացուած 100 հազար դրամները այսօրուայ դրութեամբ վճարուած է Արցախից բռնի տեղահանուած շուրջ 80 հազար շահառուների:

Մեր միւս քոյրերի եւ եղբայրների վճարումները կ՚իրականացուեն նրանց կողմից քարտային հաշիւներ բացելուն զուգընթաց: Մարդասիրական կենտրոնն, ի հարկէ, բոլորին կ՚օգնի այս գործը հնարաւորինս արագ կազմակերպելու համար»,– նշուած է գրառման մէջ:

Վարչապետը նախորդ օր ալ տեղեկացուցած էր, որ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու համար ներկայի տուեալներով Հայաստանի կառավարութիւնը յատկացուցած է շուրջ 100 միլիոն տոլար։

Արտասահմանէն ալ 35 միլիոն եւրօ եւս կը տրամադրուի

Փոխվարչապետ, Մարդասիրական կեդրոնի աշխատանքները համակարգող Տիգրան Խաչատրեան Հոկտեմբեր 14-ին յայտարարած է, թէ այս պահուն Հայաստանի մարզերուն մէջ արդէն ցանկագրուած է 85000 բռնի տեղահանուած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց զգալի մասը, որպէս բնակութեան առժամեայ վայր, ընտրած է մարզերը։

Փոխվարչապետը Մարդասիրական կեդրոնին մէջ հաւաստած է, որ Կառավարութիւնը տեղահանուածներուն կ՚օգնէ թէ՛ վարձակալութեան, թէ՛ ալ հետագային միջին կամ երկար ժամանակով բնակութեան վայր ընտրելու հարցին մէջ։ “Մարզպետարանների բոլոր աշխատակիցները եւ մարդասիրական կենտրոնների մարզային կառոյցների գործընկերները օգնում են, որ մարդկանց բնակութեան վայրերի ընտրութիւնը տեղի ունենայ հնարաւորինս լայն տիրոյթից, որպէսզի մարդիկ համադրելու եղանակով ընտրեն իրենց համար լաւագույն պայմանները, որոնք կարող են լինել մարզերում”,– ըսած է ան ու աւելցուցած.

“Հայաստանը շարունակում է աջակցութիւն ստանալ միջազգային գործընկերներից, որոնք տարբեր ձեւաչափերով օգնում են ՀՀ կառավարութեանը՝ բռնի տեղահանուած անձանց առաջնային կարիքները հոգալու հարցում։ Դրամական աջակցութեան խոստումներ տրուել են բազմաթիւ երկրների կառավարութիւնների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների կողմից։ Ըստ յայտարարութիւնների՝ աւելի քան 35 միլիոն եւրօ օգնութիւն կը տրամադրուի կառավարութիւնների ու միջազգային կառոյցների կողմից Կարմիր խաչի միջոցով։ Եւս 35 միլիոն եւրօ արդէն իսկ յատկացուել է այլ եղանակով, որից 15 միլիոն եւրօն կը յատկացուի ամավարկային աջակցութեան եղանակով ՀՀ կառավարութեան գանձապետական հաշուին, իսկ մնացած միջոցները զարգացման գործակալութիւններն իրենց կողմից Հայաստանում գործող ներկայացուցչութիւնների միջոցով կ՚ուղղեն բռնի տեղահանուածների կարիքների կամ խնդիրների լուծմանը”։

Փոխվարչապետին համաձայն մարդասիրական օգնութիւն կը ստացուի նաեւ զանազան բեռներու ձեւով։ Նախորդ երկու շաբթուան ընթացքին Հայաստան ստացած է աւելի քան 100 թոն մարդասիրական բեռ, որ կը բաշխուի բռնի տեղահանուածներուն՝ սնունդի եւ առաջին անհրաժեշտութեան կարիքները հոգալու համար։

“Կառավարութիւնը հետեւում է Արցախից բռնի տեղահանուածների խնդիրներին եւ շարունակում է դրանց համապատասխան մշակել աջակցութեան ծրագրեր։ Նախորդ երկու շաբաթներն օգտագործուել են առաջնային հարցերը լուծելու համար, բայց արդէն ժամանակն է, որ միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ անելիքների ուղղութեամբ յստակեցուեն հետագայ աջակցութեան ծրագրերը։ Առաջիկայում այդ ծրագրերը կը ներկայացուեն թէ՛ կարծիքներ լսելու, թէ՛ որոշումներն աւելի ճիշտ ուղղութեան մէջ դնելու համար”,– եզրափակած է փոխվարչապետը։  

 

Ֆրանսա 1 միլիոն եւրօ յատկացուցած է Պարէնի համաշխարհային ծրագրին՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու նպատակով

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի X-ի իր էջին գրառումով կը տեղեկեցնէ, թէ Արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնայի որոշումով Ֆրանսա 1 միլիոն եւրօ յատկացուցած է Պարէնի համաշխարհային ծրագրին՝ Արցախէն 100.000 Հայերու բռնի գաղթէն ետք Հայաստանի կարիքները հոգալու համար:

Պարէնի համաշխարհային ծրագրէն ալ նշած են, թէ հպարտ են յայտարարելու Ֆրանսայի՝ Պարէնի համաշխարհային ծրագրին 1 միլիոն եւրօ առատաձեռն ներդրումին մասին:

 

Ռուսաստան 6 թոն մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Հայաստան

Ռուսաստան Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար մարդասիրական օգնութիւն ղրկած է Հայաստան։ Շուրջ 6 թոն բեռը փոխադրող օդանաւը Հոկտեմբեր 13-ին էջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայան։

Օգնութիւնը բաղկացած է սննդեղէնէ եւ առողջապահական պարագաներէ, մասնաւորապէս՝ շաքարէ, հնդկաձաւարէ, ձէթէ, բրինձէ, խմորեղէնէ, թէյէ, պահածոյացուած միսէ, կրկնեփէ, մանկական սնունդէ, արագ պատրաստութեան չոր ուտելիքներէ, ինչպէս նաեւ թաց եւ չոր անձեռոցիկէ, օճառէ, զուգարանի թուղթէ, սպաս լուալու հեղուկէ, լուացքի օճառէ եւ այլն։

Այս օգնութիւնը պիտի բաշխուի այն քաղաքները, ուր այժմ կը գործեն գաղթականներու օգնութեան կեդրոններ, ինչպէս Մեծամօր, Ջերմուկ, Ծաղկաձոր, Գաւառ, Սեւան եւ Մասիս:

* * *

Միջազգային այս օգնութեան թիւերը,– անշուշտ առանց ապերախտ ըլլալու,– կը մղեն անխուսափելիօրէն զուգահեռ մը գծելու Ուքրաինայի ցուցաբերուած ու դեռ շարունակուող օգնութեան հետ։ Գիտէի՞ք, թէ տարւոյս Օգոստոսին ան արդէն գերազանցած էր 76 միլիառ եւրօն։