Search
Close this search box.

Արցախի անկումը՝ Հայ-ռուսական ռազմավարական դաշինքի ձախողումը

Արցախի նորընտիր նախագահ՝ Շահրամանեան, յայտարարեց, որ Արցախի Հանրապետութիւնը 2024 Յունուար 1-էն պաշտօնապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Սարսափելի ծանրակշիռ յայտարարութիւն է, զոր իր ուսերուն վրայ առաւ ան։ Եւ արդեօք գիտակի՞ց էր իր ընտրութեան օրը, որ իրեն պիտի վիճակի այդ մեծ պատասխանատւութիւնը։ «Պատիւ» մը, որ իրեն պարտադրուեցաւ Արցախի ռուսամէտ ճակատին կողմէ (Բակօ Սակահեան, Արկադի Ղուկասեան, Ռուբէն Վարդանեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններ՝ ՀՅԴ, Ազգային դեմոկրատական եւ «Արդարութիւն»), որոնք ստիպեցին, որ Արայիկ Յարութիւնեան հրաժարական տայ ու Խորհրդարանը նոր նախագահ ընտրէ։ Ընտրութիւն մը, որ աւելի զայրացուց Ազերպայճանի իշխանութիւնները, որոնք առանց տատամսումի Սեպտեմբեր 19-ին յարձակումի անցան եւ երկու օրուան մէջ պարտադրեցին Արցախի իշխանութիւններուն անձնատւութիւնը եւ Հանրապետութեան լուծարումը։

Ռուս խաղաղապահ առաքելութեան անգործութիւնը մեծ հարուած էր հայ-ռուսական պատմական ու ռազմավարական յարաբերութիւններուն։ 2020-ի պատերազմէն ասդին Ռուսաստան-Ազերպայճան-Թուրքիա բացայայտ դաշինք մը գործած է Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն դէմ, որ աւելի շեշտուեցաւ ռուս-ուքրաինական պատերազմէն ետք, 

յատկապէս Ռուսաստանի հանդէպ կիրարկուած պատիժներուն պատճառով։ Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս քննադատեցին ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստանը, իր դաշնակցային ռազմական պարտականութիւնները չկատարելուն համար։

Արցախի Հանրապետութեան անկումով նոր էջ մը կը բացուի Հայութեան համար, որ 32 տարի ապրեցաւ Արցախի անկախացման յոյսով, եւ որ պիտի դառնար Հայաստանի Հանրապետութեան թիկունքը եւ արդարութիւնը պիտի վերահաստատէր Հայերու դարաւոր անիրաւուած վիճակին։ Սակայն, պատահեցաւ ճիշդ հակառակը. 32 տարուան աշխատանքը, պայքարը, երազանքը փուլ եկաւ։ 32 տարուան անվտանգային համակարգը չարդարացուց ինքզինք։ Եւ այս իրավիճակին գլխաւոր մեղաւորը ո՛չ Ռուսն է, ո՛չ Արեւմուտքը, ո՛չ Իրանը, ո՛չ իսկ Թուրքիան կամ Ազերպայճանը։ Այս իրավիճակին պատասխանատուն Հայութիւնն է, Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնը, անոնց միամտութիւնը, մեծամտութիւնը, անփութութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, անհամերաշխութիւնն ու քաղաքական տհասութիւնը, անցեալէն դասեր քաղելու, պատմական սխալերը չկրկնելու անկարողութենէն։

Ուքրաինայի վրայ յարձակումը սրեց աշխարհաքաղաքական պատերազմը Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ, որ իր անմիջական անդրադարձը ունեցաւ կովկասեան տարածաշրջանին վրայ եւ յատկապէս՝ Արցախի ու Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, որ տակաւին 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի վէրքերը չէր դարմանած։

Այս իրավիճակին մէջ ամէնէն ճակատագրականը ներհայկական քաղաքական տհասութիւնն է ու անհամերաշխութիւնը, ռուսամէտ եւ արեւմտամէտ քաղաքական ուժերու թշնամութիւնը։ 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեամբ արդէն յստակօրէն սահմանը գծուած էր նորերուն եւ հիներուն միջեւ, ուր Ռուսաստանի իշխանութիւններուն բարեհաճիլը եւ Արցախի անկախութեան հարցը առանցքային դարձած էին իշխանութեան եւ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ վէճերուն մէջ։ Զարմանալիօրէն, Հայութեան մէջ թուրքեւազերական սպառնալիքին դիմաց իրարու թիկունք կանգնիլը, զօրակցիլը բնազդի չէ վերածուած, վտանգին դիմաց զիրար պաշտպանելու ջիղը մեռած է։

Ժ.Չ. ■