Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս սրբազան հօր ձեռամբ Ճրագալոյցի պատարագ մատուցուած է Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ

Յունուար 5-ին, Սուրբ Ծննդեան և Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, ձեռամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ մատուցուած է Ճրագալոյցի պատարագ, որուն մասնակցած են Մայր Աթոռի միաբաններ, Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի Հանրապետութեան պետական դէմքեր եւ ուխտաւոր հայորդիներ։ 

 

Իր քարոզին մէջ Վրթանէս եպիսկոպոս բնականաբար անդրադարձած է Արցախի կորուստին։

“Տասնամեակներ շարունակ իր անկախութեան համար մաքառող Արցախը, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ենթարկուեց ամբողջական հայաթափման։ Ադրբեջանի կողմից յատուկ նպատակով իրագործուած իննամսեայ շրջափակման եւ մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքով հիւծուած մեր ժողովուրդը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուեց նաեւ ռազմի դաշտում. ցաւօք ուժերն անհաւասար էին, իսկ Արցախը մենակ”,– նշած է պատարագիչ Սրբազան հայրը՝ ցաւ ի սիրտ արձանագրելով, որ այս տարի տասնեակ հազարաւոր Արցախցի հայորդիներ առաջին անգամ ամանորեայ եւ Սուրբծննդեան տօները կը դիմաւորեն իրենց փայփայած օճախներէն հեռու։

Վրթանէս Սրբազան պատգամ յղած է հաւատացեալներուն սիրով ու ջերմութեամբ պարուրելու Արցախի իրենց քոյրերն ու եղբայրները, որպէսզի անոնք կրկին հաւատք ընծայեն իրենց լուսաւոր ապագային, իսկ Արցախցիներուն յորդորած է  ապրիլ եւ արարել Մայր Հայաստանի մէջ, որովհետև միայն այդ ձեւով կրնայ արթուն մնալ եւ իրագործուիլ վերադարձի յոյսը։

Սրբազան Հայրը յանուն Արցախի հաւատաւոր ժողովուրդին, իր որդիական սէրն ու անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնած է Նորին Սրբութեան՝ ի հեճուկս բազմաթիւ դժուարութիւններու, անմնացորդ նուիրումով Արցախին եւ Արցախահայութեան յարատեւ աջակցելուն համար։

Աւարտին, Վրթանէս եպիսկոպոս աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած Հայոց երկրի եւ պետականութեան անսասանութեան, նահատակ քաջորդիներու հոգիներու խաղաղութեան, անհետացած եւ գերեվարուած հայորդիներու շուտափոյթ վերադարձին, ինչպէս նաեւ սա պահուն սահմանը պաշտպանող հայ զինուորներուն համար։ 

Պատարագի աւարտին՝ նախատօնակի ընթացքին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը բարձրացած է Սուրբ խորան եւ վառած Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող մոմը, որու կենսատու լոյսը բաշխուած է հաւատացեալներուն: 

Խմբագրական