Արցախի մասին իրենց յօդուածին համար մրցանակի արժանացած են ֆրանսացի երկու լրագրողներ

Ֆրանսացի լրագրողներ Փիէր Սոթրէօյ եւ Թոմա Կիշառ «Վառէն հիմնարկութեան երիտասարդ լրագրողներու մրցանակ»-ին արժանացած են «Լեռնային Ղարաբաղի կորսուած գծանկարներ․ տարագրութեան մէջ ապրող հայ ընտանիքի մը հետքերով» խորագրեալ իրենց յօդուածին համար, որ լոյս տեսած է « La Croix » օրաթերթի շաբաթական յաւելուածին մէջ, Մայիս ամսուն։

Խմբագրական