Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հարցազրոյցը՝ «Ֆիկառօ» օրաթերթին

 

«Արցախը «լուծարելու» փաստաթուղթը մեր հայրենակիցները փրկելու մի՛ակ միջոցն էր»

Նախագահը խնդրած է Ֆրանսայէն՝ ճնշում գործադրել Ազերպայճանի վրայ՝ բոլոր գերիներու ազատ արձակման պահանջով

«Ֆիկառօ» օրաթերթը Հինգշաբթի, Մարտ 28-ի իր թիւի միջազգային լուրերու էջերէն մէկը ամբողջութեամբ յատկացուցած է Հայաստանի եւ Արցախի։ Էջին մէջ տեղ գտած երկու նիւթերէն մէկուն խորագիրն է՝ «Հայաստան. Տաւուշի մէջ կը կազմակերպուի “դիմադրութիւնը”»։ Հոն ներկայացուած են թերթին թղթակիցներէն Թէոտոր տը Քերոսի եւ Սարա Կրոյի տեսակցութիւնները յատկապէս Ոսկեպարի շրջանի բնակիչներուն հետ, որոնք վճռած են ոգի ի բռին պաշտպանել իրենց գիւղերը, զորս սահմանազատման գործընթացին մէջ՝ Ազերպայճանին յանձնելու հաւանականութիւնը դժբախտաբար օր ըստ օրէ աւելի շօշափելի բնոյթ կը ստանայ։

Միւս նիւթն է «Ֆիկառօ-Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պիւիսոնի կատարած հարցազրոյցը Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

Այս յատուկ էջին մասին Ժ.-Ք. Պիւիսոն X ընկերային ցանցի իր հաշիւին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը.

«Մոռացութեան դէմ՝ ամբողջ էջ մը “Ֆիկառօ”-ի այս Հինգշաբթիի թիւին մէջ։ Թղթակցութիւն մը՝ Տաւուշի գիւղերէն, զորս անյագ ազերի նախագահը կը պահանջէ Հայաստանէն եւ վեց ամիս առաջ իր 100.000 բնակիչներէն դատարկուած Արցախի աքսորեալ կառավարութեան նախագահին հետ հարցազրոյց մը»։  

* * *

COPYRIGHT: ANTOINE AGOUDJIAN / ANTOINE AGOUDJIAN pour Le Figaro Magazine

Հարցազրոյցին սկիզբը, Շահրամանեան անդրադառնալով 2023 Սեպտեմբեր 28-ի իր հրամանագրին՝ Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարելու մասին, կը յայտնէ. “Ես գիտէի, որ Արցախը «լուծարելու» փաստաթուղթը անօրինական է, բայց ան մեր հայրենակիցները փրկելու մի՛ակ միջոցն էր”։

“Ուժերու անհաւասարակշռութեան պատճառով մենք դիմադրութիւն ցոյց տալու կարելիութիւն չունէինք, այդ պատճառով ալ շատ արագ կապ հաստատեցինք ազերպայճանցիներու հետ, որպէսզի քաղաքացիական բնակչութիւնը հեռու պահենք մարտական գործողութիւններէն։

Տասներկու ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, մենք վերջ տուինք մարտական գործողութիւններուն։ Արդէն յաջորդ օրը Արցախի քաղաքացիները խնդրեցին զիրենք տարհանել Հայաստան՝ վախնալով զաւթիչներու կողմէ զանգուածային սպանութիւններէն։ Այսպէսով, մենք սկսանք բանակցութիւններու երկրորդ փուլը, որպէսզի բնակչութեան տարհանումը ըստ կարելւոյն սահուն ընթանայ”,– կ՚ըսէ նախագահը:

Ան կը նշէ, որ Արցախի մէջ տակաւին կը մնան 10-11 հոգի, որոնք հիւանդ կամ հաշմանդամ են, չեն կրնար ազատ տեղաշարժիլ եւ չեն ուզեր ձգել իրենց հարազատներու գերեզմանները։

Պատասխանելով հարցումին, թէ գերիներու հետ շփում կա՞յ, Արցախի նախագահը կը յայտնէ, որ բացի Արցախի 8 ղեկավարներէն, կան նաեւ 7 զինուորներ, որոնք գերեվարուած են Սեպտեմբերին։ Առ այդ Շահրամանեան կը խնդրէ Ֆրանսայէն՝ ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ՝ բոլոր գերիներու ազատ արձակման պահանջով։

Անդրադառնալով այն խօսակցութիւններուն, թէ կապ կա՞յ Արցախի 5-րդ նախագահի ընտրութեան եւ անոր յաջորդած յարձակման միջեւ, նախագահը կը հերքէ այդ վարկածը՝ յիշեցնելով, որ ազերպայճանցիները արդէն անկէ առաջ զօրք կը կուտակէին շփման գօտիին մէջ։

“Ակնյայտ էր, որ մեզ թուլցնելու համար ինն ամիս տեւած շրջափակումէն ետք, անոնք կը պատրաստուէին յարձակման”,– կ՚ընդգծէ ան:

Հարցումին, թէ գոյութիւն ունի՞ արդեօք վտարանդի պետութիւն եւ կառավարութիւն, նախագահը կը պատասխանէ․ “Այո՛, Երեւանի այս շէնքին մէջ ուր կը հիւրընկալեմ ձեզ, կը գտնուին Արցախի նախագահական եւ դատական ու օրէնսդիր կառոյցներու գրասենեակները: Խորհրդարանականները կրնան հաւաքուիլ այստեղ՝ քուէարկելու համար։ Հոկտեմբերին ստորագրեցի հրամանագիր մը, որու համաձայն՝ կառավարութեան բոլոր նախարարները կը մնան իրենց պաշտօններուն գլուխը, կամաւոր ձեւով”։

Պատասխանելով հնարաւոր վերադարձի մասին հարցումին՝ Արցախի նախագահը կ՚ըսէ․

“Ներկայ կացութեան մէջ անիրատես է մտածել ազերպայճանցիներու կողմէ բռնագրաւուած մեր հողերը վերադառնալու մասին։ Պաքուի դպրոցներուն մէջ փոքր տարիքէն երեխաներուն կը սորվեցնեն, թէ հայերը թշնամիներ են։ Տարիներ հարկ է, որ ազերպայճանցիներու մտածելակերպը փոխուի եւ կարելի դառնայ դրացիներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւն։ Եւ ես այստեղ նոյնքան կը մտածեմ Հայաստանի հայերու մասին, որքան՝ Արցախահայութեան։ Երեւանի իշխանութիւնները Ինչպէ՞ս կրնան երկիրը անվտանգ համարել, երբ անոր տարածքին որոշ հատուածները արդէն բռնագրաւուած են ազերպայճանցիներու կողմէ, իսկ Պաքուի առաջնորդները հրապարակաւ կը յայտարարեն միւս տարածքներու նկատմամբ իրենց «իրաւունքներ»-ուն մասին”,– կ՚եզրափակէ ան։

Խմբագրական