Search
Close this search box.

Բնակարանաշինութիւն՝ Վաքըֆ գիւղի մէջ

 

Ընթացիկ տարուան Փետրուար ամսուն կործանիչ երկրաշարժը 11 քաղաքներու մէջ մեծ աւեր գործած էր։ Անոնց կարգին էր նաեւ Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը Վաքըֆը, ուր ալ բազմաթիւ տուներ քարուքանդ եղան։

Յաջորդող ամիսներուն գիւղացիներուն առաքուեցան քոնթէյնըրներ, որոնք համեմատաբար աւելի ապահով կեցութիւն մը կը խոստանային մինչ այդ վրաններու մէջ պատսպարուած ժողովուրդին։

Այժմ բնակարանաշինութեան աշխատանքներ կ՚ընթանան։ Ծրագրուած է գիւղի մերձակայ տարածքին վրայ 15-20 բնակարանի կառուցում։ Կառավարութիւնը աւելի յարմար նկատած է քանդուած տուները տեղւոյն վրայ նորոգելու փոխարէն գիւղի անմիջական հարեւանութեամբ նոր թաղամասի մը կառուցումը։ Այսպէսով ապահովուած պիտի ըլլայ նաեւ բնակարաններու ստորերկրեայ ցանցը եւ մանաւանդ կոյուղիի պարագան։

Գիւղապետ Պերճ Քարդուն կը յայտնէ թէ այս առաջարկը բաւական դրական գնահատուած է գիւղացիներու կողմէ։ Նոյն օրինակով նախագիծեր կը մշակուին նաեւ դրացի Խըտրպեկ եւ Եողունօլուք գիւղերու վնասուած բնակարաններուն համար։

Իսկ գիւղացիները իրենց աւերուած տունը պիտի կարողանան վերակառուցել իրենց սեփական միջոցներով։ Նոր թաղամասի շինութեան ծախսերու 60 տոկոսը կը ստանձնէ պետութիւնը, իսկ 40 տոկոսին համար կը տրամադրուի յատուկ վարկ, որու վճարումները կը սկսին երկու տարի ետք։

Քաղուած՝ «Ակօս»-էն»