Search
Close this search box.

Բռնագրաւուած Արցախի մէջ վանդալական արարքները կը շարունակուին

Բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազերպայճանի վանդալական արարքները կը շարունակուին։

Բռնապետ Ալիեւի կարգադրութեամբ վար առնուած է Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուած Ստեփան Շահումեանի արձանը։

Թշնամին կազմաքանդած է նաեւ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի պետական համարանիշերով յայտնի պատը, որ Արցախեան ազատամարտին՝ Հայութեան յաղթանակներու մասին վկայող խորհրդանիշերէն մէկն էր։

Նշենք, թէ Ալիեւ համապատասխան հրահանգը տուած է Նոյեմբեր 7-ին, կնոջ եւ որդիին հետ բռնագրաւուած Վանք գիւղը այցելելէ ետք։