Search
Close this search box.

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտէն Ալիեւ կը սպառնայ Հայաստանին

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ սպառնացած է Հայաստանին, այս անգամ՝ Ստեփանակերտէն։

Ան յայտարարած է, որ «եթէ Հայաստանի մէջ որեւէ ուժ տակաւին կը մտածէ վրէժխնդրութեան մասին, թող ուշադիր նայի Արցախի նախկին ղեկավարներու գերեվարման պատկերներուն»։ Ալիև վերջիններս ծաղրածու անուանած է։ 

“Ինքզինք «Արտաքին գործոց նախարար» անուանող անջատողականը այն ժամանակ ծաղրանքով կ՚ըսէր, որ եթէ Ազերպայճան կը փափաքի իր դրօշը բարձրացնել Խանքենտիի (Ստեփանակերտ) մէջ, ապա թող դեսպանատուն բանայ մեր երկրին մէջ։ Հիմա անոր ալ թէյ կը մատուցեն այնտեղ՝ մեր մեկուսարանին մէջ։ Իսկ մեր դրօշը այստեղ է: Սա պէտք է դաս ըլլայ անոնց։ Ցաւօք սրտի, անոնք չանսացին իմ խօսքերուն, զորս ըսած էի 20 տարի առաջ, եւ յետոյ՝ բազմիցս կրկնած: Անոնք կը կարծէին, որ ըսածներս պարզապէս խօսքեր են։ Ո՛չ, այն ամէնը, ինչ ըսած եմ, իրականացուցած եմ։ Սա գիտեն բոլորը, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, եւ թող չմոռնան։ Թող չմոռնան 2020-ի պատերազմը։ Թող չմոռնան հակաահաբեկչական գործողութիւնները”,– յոխորտացած է անպատիժ մնացած միապետը, միաժամանակ խոստանալով, որ Ազերպայճանցիները «յաւերժ» պիտի մնան Արցախի մէջ։

Ան նաեւ պղծած է Արցախի դրօշը, կոխկռտած է զայն ու հպարտօրէն լուսանկարները հրապարակած։ Իսկ Ստեփանակերտի պարէտ նշանակած է Սարդար Սաֆարովը, որ իր կրթութիւնը ստացած է Թուրքիոյ մէջ։