Search
Close this search box.

Գիւմրիի մէջ պաշտօնապէս իր դռները բացած է ֆրանքեւհայկական հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութեան կեդրոնը

Յունուար 21-ին, Գիւմրիի մէջ պաշտօնապէս իր դռները բացած է ֆրանքեւհայկական հոգեբանական եւ ընկերային աջակցութեան կեդրոնը` «Ֆրանսական լոյս» ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ։

44-օրեայ պատերազմէն ետք հիմնուած ընկերակցութիւնը զանազան ծառայութիւններ կը մատուցանէ՝ բժշկական-հոգեբանականէն մինչեւ անվճար ճաշարան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն համար։

“Մեր առաջին քայլը եղաւ Ֆրանսայէն բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղորայք ուղարկելը, յաջորդ քայլով բժշկական խումբ ղրկեցինք Ստեփանակերտ, իսկ անկէ ետք գրեթէ ամիսը անգամ մը այցելեցինք Հայաստան։ Մեր հիմնական ուղղութիւնը Արցախն էր։ Սկիզբը որեւէ նպատակ չունէինք ընկերակցութիւն հիմնելու, բայց յետոյ անդրադարձանք, որ մեր ծրագրերը իրականացնելու համար պէտք էր ընկերակցութիւն ստեղծել։ Պաշտօնապէս «ծնունդ առինք»  2021 Փետրուարին՝ Ֆրանսայի մէջ, եւ այսպէս մեր գործունէութիւնը մեզի բերաւ հասցուց Գիւմրի”,– ներկայացնելով կեդրոնի անցած ուղին՝ նշած է «Ֆրանսական լոյս» ընկերակցութեան հիմնադիր և նախագահ, բժիշկ  Լեւոն Խաչատրեան՝ վստահեցնելով, որ այլեւս միշտ պիտի ըլլան կարիքաւորներու կողքին։

Իր օրհնութիւնը եւ ողջոյները յղելով ներկաներուն՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեան յոյս յայտնած է, որ կեդրոնը կը շարունակէ աջակցիլ բոլոր կարիքաւորներուն։ «2020-ի պատերազմի օրերուն  իւրաքանչիւր Հայ՝ անոնց մէջ նաեւ Լեւոն Խաչատուրեան, կը փորձէր իր ուժերուն ներած չափով ընել կարելին ու անկարելին, որ պտուղ տուաւ,  եւ  այդ պտուղներէն մէկը այս ընկերակցութիւնն է։ Խնդրանք մը ունիմ հոս աշխատող հոգեբաններէն՝ ձեր գործին մէջ նաեւ «խառնեցէք Աստուծոյ մատը» եւ պիտի տեսնէք, որ աւելի պիտի յաջողիք”,– նշած է առաջնորդը։

Նորաբաց կեդրոնին գործունէութիւնը ողջունած եւ բարի երթ մաղթած են նաեւ հոգեբուժներ, հոգեբաններ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ։