Search
Close this search box.

Դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի ելոյթը՝ Նէօյի-սիւռ-Սէնի քաղաքապետարանին մէջ

 

Հոկտեմբեր 25-ին, Փարիզի մերձակայ Նէօյի-սիւռ-Սէնի քաղաքապետ Ժան-Քրիսթոֆ Ֆրոմանթէնի նախաձեռնութեամբ, քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած էր «Հայաստանը՝ յիշողութեան եւ աշխարհաքաղաքականութեան միջեւ» նիւթին շուրջ հանդիպում-քննարկում մը։ Շուրջ 100 ներկաներու շարքին էին ֆրանսացի խորհրդարանականներ, քաղաքային խորհուրդի, ֆրանսական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրասփիւռներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ ու դիւանագէտներ։

Ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան, որ հանդէս եկաւ ընդարձակ ելոյթով։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բազմադարեայ ամուր բարեկամութեան ու ֆրանքեւհայկական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու աշխուժ զարգացման, Ազերպայճանի կողմէ 10-ամսեայ անօրինական շրջափակման յաջորդած՝ Արցախահայութեան դէմ ցեղային զտման քաղաքականութեան եւ անոր հետեւանքով աւելի քան 100 հազար բնակչութեան բռնի տեղահանման ու ստեղծուած մարդասիրական կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային սպառնալիքներուն։