ԵԳԻՊՏՈՍ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ապտել Ֆաթթահ ալ-Սիսիի հանդիպումը Գահիրէի մէջ

 

Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ստորագրուած են փաստաթուղթեր

Պաշտօ­նական եր­կօ­րեայ այ­ցով Մարտ 5-ին Գահիրէ ժա­մանած վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան նոյն օրը հան­դի­պում ու­նե­ցած է նա­խագահ Ապ­տել Ֆաթ­թահ ալ-Սի­սիի հետ: 

Նախ տե­ղի ու­նե­ցած է եր­կու եր­կիրնե­րու առաջ­նորդնե­րուն գլուխ-գլխի զրոյցը, այ­նուհետեւ քննար­կումնե­րը շա­րու­նա­կուած են ընդլայ­նուած կազ­մով: 

Եգիպ­տո­սի նա­խագա­հը ող­ջունած է վար­չա­պետ Փա­շինեանի պաշ­տօ­նական այ­ցը եւ ընդգծած, որ ան նոր ազ­դակ կը հա­ղոր­դէ Եգիպ­տոս-Հա­յաս­տան հա­մագոր­ծակցու­թեան։ Ապա, ան շեշ­տած է հայ եւ եգիպ­տա­ցի ժո­ղովուրդնե­րու բազ­մա­դարեայ սերտ կա­պերու փաս­տը` աւելցնե­լով, որ Եգիպ­տո­սի հայ հա­մայնքը իր ու­րոյն դե­րը ու­նի տար­բեր բնա­գաւառ­նե­րու զար­գացման մէջ: 

Վար­չա­պետ Փա­շինեան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է ջերմ ըն­դունե­լու­թեան հա­մար։ Ան կա­րեւոր նկա­տած է առեւտրատնտե­սական հա­մագոր­ծակցու­թեան ընդլայ­նումն ու խո­րացու­մը, ընդգծե­լով գոր­ծա­րար կա­պերու զար­գացման անհրա­ժեշ­տութիւ­նը: 

Կող­մե­րը քննար­կած են տնտե­սու­թեան, են­թա­կառոյցնե­րու, զբօ­սա­շրջու­թեան, օդա­յին հա­ղոր­դակցու­թեան, բարձր ար­հեստա­գիտու­թեանց, գիւ­ղատնտե­սու­թեան, շրջա­կայ մի­ջավայ­րի, կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի բնա­գաւառ­նե­րուն մէջ միատեղ նոր ծրագ­րե­րու իրա­կանաց­ման վե­րաբե­րող շարք մը հար­ցեր: 

Զրու­ցա­կից­նե­րը անդրա­դար­ձած են նաեւ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի եւ Մեր­ձա­ւոր Արեւել­քի տա­րածաշրջան­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցող հո­լովոյթնե­րուն առնչուող հար­ցե­րու: Եր­կուստեք շեշ­տած են խա­ղաղու­թեան եւ կա­յու­նութեան ամ­րապնդման ու այդ ուղղու­թեամբ հետեւողա­կան քայ­լե­րու իրա­կանա­ցման կարեւորութիւնը: 

Փա­շինեան Եգիպ­տո­սի նա­խագա­հին ներ­կա­յացու­ցած է Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցող քննար­կումնե­րը եւ անդրա­դար­ձած հայ­կա­կան կող­մի սկզբունքա­յին դիր­քո­րոշումնե­րուն: 

Նի­կոլ Փա­շինեանի եւ Ապ­տել Ֆաթ­թահ ալ-Սի­սիի հան­դի­պու­մէն ետք, եր­կու եր­կիրնե­րու ղե­կավար­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի եւ Եգիպ­տո­սի միջեւ փաս­տա­թուղթե­րու ստո­րագ­րութեան արա­րողու­թիւնը: Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խարա­րու­թեան եւ Եգիպ­տո­սի Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գործակ­ցու­թեան նա­խարա­րու­թեան մի­ջեւ 

ստո­րագ­րուած է տնտե­սա­կան հա­մա­գործակ­ցու­թեան վե­րաբե­րեալ փո­խըմբռնման յու­շա­գիր մը: 

Նշենք, թէ վար­չա­պետ Փա­շինեան նոյն օրը հան­դի­պում ու­նե­ցած է նաեւ Արա­բական պե­տու­թիւննե­րու լի­կայի ընդհա­նուր քար­տուղա­րին եւ Ղպտի ուղղա­փառ եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդ՝ Թէոտորոս Բ.ի հետ։ ■

Խմբագրական