ԵԳԻՊՏՈՍ – Վարչապետ Փաշինեան Ալ-Ազհարի Գերագոյն իմամին նուիրած է Մատենադարանի մէջ պահուող 1719 թուականի Ղուրանի առաջին հատուածի կրկնօրինակը

Եգիպտոս այցելութեան երկրորդ օրը՝ Մարտ 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  հանդիպում ունեցած է Ալ-Ազհարի Գերագոյն իմամ, շեյխ Ահմետ Մոհամմատ Ալ-Թայեպի հետ:

Վարչապետը ընդգծած է Եգիպտոսի մէջ առկայ կրօնական հանդուրժողութիւնը եւ տեղւոյն հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերումը: Ան ցաւով նշած, որ երբեմն կը փորձեն կրօնը օգտագործել քաղաքական նպատակներով` աւելցնելով, որ  պատճառներէն է նաեւ այն, որ մարդիկ երբեմն այնքան ալ լաւ պատկերացումներ չունին կրօններու մասին: Այս առումով, վարչապետը շեշտած է կառավարութիւններու դերը:

Նիկոլ Փաշինեան Ալ-Ազհարի Գերագոյն իմամին նուիրած է Մատենադարանի մէջ պահուող 1719 թուականի Ղուրանի առաջին հատուածի կրկնօրինակը: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնած է արժէքաւոր նուէրին համար եւ ընդգծած հանդուրժողութեան ու խաղաղութեան  ամրապնդման կարեւորութիւնը նաեւ կրօններու միջոցով: 

 

Վարչապետը այցելած է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի

Մարտ 6-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: 

Վարչապետը դիմաւորած են Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեան եւ Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան: 

Վարչապետը ծաղիկներ զետեղած է եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ: 

Ան Առաջնորդարանին մէջ կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներուն հետ եւ պատասխանած անոնց հարցումներուն: Փաշինեան անդրադարձած է Եգիպտոսի ղեկավարութեան հետ ունեցած տեսակցութիւններուն, կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ այլ նիւթերու: 

 

Այցելութիւն՝ Եգիպտական քաղաքակրթութեան ազգային թանգարան

Նոյն օրը, Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցի աւարտին, վարչապետը այցելած է Եգիպտական քաղաքակրթութեան ազգային թանգարան։ Ան, գործադիր տնօրէնին ուղեկցութեամբ շրջած է թանգարանին մէջ եւ ծանօթացած ներկայացուած ցուցանմուշներուն: 

Խմբագրական