Search
Close this search box.

ԵՄ-ը յաւելեալ 5,5 միլիոն եւրօ մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ ԵՄ-ը Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն յաւելեալ 5,5 միլիոն եւրօ մարդասիրական օժանդակութիւն կը յատկացնէ։

Տրամադրուող գանձատրման 1,5 միլիոն եւրօն նպատակաուղղուած է բարձրացնելու աղէտներու հանդէպ կարիքաւոր մարդոց դիմադրականութիւնը, իսկ մնացեալ 4 միլիոնը պիտի ուղղուի Արցախէն տեղահանուած Հայերուն զեղչի կամ անվճար գնումի համար կտրօններ եւ կանոնաւոր դրամական փոխանցումներու յատկացման, որ պիտի օգնէ հոգալու աղէտեալներու հիմնական կարիքները: