Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Բողոքի ցոյց՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ

 

«Ազատութի՛ւն  Պաքուի  ու  Երեւանի  բանտերը գտնուող  քաղաքական բանտարկեալներուն»

Ապրիլ  8-ի առաւօտեան,  Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած է՝ քաղաքական բանտարկեալներու ազատութեան պահանջով։

Նշենք,  թէ նոյն պահուն Հայաստան ժամանած Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա  Փեյչինովիչ  Պուրիչ նոյն շէնքին մէջ հանդիպում կ՚ունենար Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Բողոքի  ցոյցին մասնակցած են  քաղաքական,  հասարակական  գործիչներ։  Անոնք կը պնդեն,  թէ  Հայաստանի  մէջ  քաղաքական  բանտարկեալներ  կան  եւ  Պուրիչէն  կը  պահանջեն,  որ  Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը բանաձեւ ընդունի եւ առ այդ Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջուի ազատ արձակել բոլոր քաղաքական բանտարկեալները։

Ցոյցի մասնակիցները հրապարակած են թէ՛ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայ պատանդներուն, թէ՛ ալ Երեւանի բանտերուն մէջ գտնուող՝ ըստ իրենց քաղաքական բանտարկեալներուն անունները։ Անոնք պարզած են Հայաստանի ու Արցախի դրօշները եւ պաստառներ՝  «Ազատութի՛ւն բոլոր քաղբանտարկեալներուն»  գրութիւններով։

Նշենք,  թէ  անոնք  քաղաքական բանտարկեալ  կը  համարեն  Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն  Աշոտեանը,  հասարակական-քաղաքական  գործիչ Նարեկ Մալեանը, Վանաձորի  նախկին քաղաքապետ Մամիկոն Ասլանեանը եւ «Իմնեմնինի»  փոտքասթի վարողներ՝ Վազգէն  Սաղաթէլեանն ու Նարեկ Սամսոնեանը եւ Պաքուի մէջ  բանտարկուած Արցախի ղեկավարները։