Search
Close this search box.

ԵՐԵՒԱՆ – Միջազգային գիտաժողով՝ «Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներու հայ համայնքները. արդի միտումներ եւ փոխակերպումներ» ընդհանուր բնաբանով

 

Դեսպան Նորա Արիսեան. «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման խնդիր կայ»

Նոյեմբեր 30-ին, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ սկսած է «Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներու հայ համայնքները. արդի միտումներ եւ փոխակերպումներ» ընդհանուր բնաբանով միջազգային գիտաժողովը, մասնակցութեամբ Հայաստանի մէջ Արաբական երկիրներու կարգ մը դեսպաններու, տարբեր երկիրներէ (Լիբանան, Քուէյթ, ԱՄՆ) հետազօտողներու, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պետական այլ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու, համալսարանականներու, որոնք յաջորդող օրերուն ներկայացուցած են 15 զեկոյցներ՝ «Արաբական երկիրներու հայ համայնքներու զարգացման առանձնայատկութիւնները. արդի հիմնախնդիրներ եւ հեռանկարներ» եւ «Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքները տարածաշրջանային արդի փոխակերպումներու առանցքին» խորագրերով նիստերու ընթացքին։

Գիտաժողովին նպատակն է ակադեմական եւ դիւանագիտական շրջանակներու մէկտեղումով գիտական դիւանագիտութեան հարթակին վրայ քննարկել հայ համայնքներու զարգացման միտումները, առկայ հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները, անոնց լուծման կարելիութիւններն ու գործիքակազմերը՝ փոխակերպուող տարածաշրջանին մէջ։

Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան իր ելոյթին յայտնած է, թէ Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքները կանգնած են չորս գլխաւոր մարտահրաւէրի առջեւ։

Դիւանագէտը շեշտած է, որ այդ մարտահրաւէրներն են՝ հայ համայնքի նօսրանալու վտանգը, արեւմտահայերէնի պահպանման խնդիրը, եկամուտի աղբիւրներու կրճատման սպառնալիքը, ինչպէս նաև հայ ինքնութեան պահպանման հարցը։

Անդրադառնալով Սուրիոյ կառավարութեան՝ հայ համայնքի աջակցութեան ուղղուած աշխատանքներուն, Արիսեան ըսած է, թէ ան մնայուն բնոյթ կը կրէ եւ կը ցուցաբերուի նաեւ Սուրիոյ պատերազմէն ետք։

“Այս ամէնուն վառ ապացոյցը երկրին մէջ հայկական վարժարանները, դպրոցները, ճեմարաններն են, Հայոց լեզուի ու հայերէնով կրօնի դասաւանդումը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքին գործող հայկական բազմաթիւ կազմակերպութիւնները”,– ըսած է դեսպանուհին։

Միջազգային գիտաժողովի կազմակերպիչներն են Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկը եւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները գանձատրող համահայկական հիմնադրամը: