Search
Close this search box.

Երիտասարդութեան կողմէ, երիտասարդութեան համար

Օգոստոս 1-3, Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որուն մասնակցեցան 600 երիտասարդներ աշխարհի 56 տարբեր երկիրներէ, որոնք երեք օրերու երկայնքին քննարկեցին Հայաստանն ու Հայութիւնը մտահոգող զանազան նիւթեր, Հայաստանի, Արցախի ապագային սպառնացող վտանգներէն մինչեւ անոնց զարգացման վերաբերեալ նիւթեր։ Համաժողովի գլխաւոր նպատակը Սփիւռքի երիտասարդութիւնը ներգրաւելն ու զայն մասնակից դարձնելն էր Հայաստանի զարգացման գործընթացին։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կազմակերպած երկրորդ համաժողովն է այս մէկը։ Անցեալ տարի Հոկտեմբերին կազմակերպուեցաւ Համաշխարհային համահայկական վեհաժողովը, որ էական փորձառութիւն մը ապահոված է Երիտասարդութեան համաժողովի կազմակերպման համար, որուն օրակարգը ճշդուած եւ ատենաբաններու ընտրութիւնը կատարուած է գործակցաբար երիտասարդական զանազան միութիւններու հետ։ Երիտասարդութեան ընծայուած յատուկ ուշադրութիւնը գնահատելի է, որովհետեւ վերջին հաշուով երիտասարդութիւնն է ազգին ապագան։ Անկէ՛ պիտի ծնին ապագայ համայնքի ղեկավարները, գիտնականները, տնտեսավարները, գործարարները։

Յոյժ կարեւոր շեշտադրումներ եղան համաժողովի ընթացքին, որոնց կ՚արժէ անդրադառնալ։ Նախ եւ առաջ, անհրաժեշտ էր համաժողովին քաղաքական բնոյթ չտալը եւ քարոզչական նպատակներով չօգտագործելը։ Բացի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի կարճ բացման խօսքէն, կառավարութենէն, Եկեղեցիէն կամ այլ համահայկական կառոյցէ ուրիշ բարձրաստիճան պաշտօնեայ չներկայացաւ բեմ։ Այս մօտեցումը շատ առողջ էր, մանաւանդ նկատի առնելով հայաստանեան ներկայ քաղաքական լարուած իրավիճակը եւ Արցախի բնակչութեան ենթարկուած աղէտը՝ իր դէմ գործադրուող ցեղային զտման քաղաքականութեան հետեւանքով։

Երկրորդ, բնականաբար ակնարկ եղաւ 2020-ի պատերազմի հոգեբանական բացասական հետեւանքներուն եւ զարմանալիօրէն բեմէն հնչած պատգամները ոչ պարտուողական էին, ոչ ալ յուսահատական, այլ՝ փիլիսոփայական։ Դժուարութիւնը, աղէտը խթան են յառաջդիմելու։ Այլ ելք չկայ։ Պէտք է լուծումներ գտնել երկիրը տագնապներու շրջանակէն դուրս բերելու համար, որուն մէջ երիտասարդութիւնը իր դերը ունի խաղալու եւ պատասխանը պէտք է ըլլայ բազմակողմանի ու արդիական, օգտուելով գիտութեան, արհեստագիտութեան, ցանցային համայնքներու, ընկերաբանութեան, մշակութային, քաղաքագիտութեան բոլոր ձեռքբերումներէն։

Երեք այլ կարեւոր մօտեցումներ շեշտուեցան, առաջին՝ ազգը, համայնքը, հաւաքականութիւնը փոխելու համար պէտք է սկսիլ անձական եսի փոփոխութենէն։ Անձի փոփոխութիւնը նախապայման է հաւաքականութեան ընկալման փոփոխութեան։ Երկրորդ՝ ազգայինը անկախ չէ համամարդկայինէն։ Երկուքը ընդելուզուած են։ Համամարդկային արժէքները իրենց մէջ կը ներառեն ազգային արժէքները, երբ անոնք ծայրայեղական չեն, խտրական չեն եւ զերծ են ցեղային իւրայատկութիւններու գովաբանութենէ։ Ինչպէս օրինակ բնապահութեան պարագան, արդարութիւնը, ազատութիւնը, հանդուրժողականութիւնը։ Եւ երրորդ՝ ցանցային համայնքներու գործարկումը պէտք է դարձնել աւելի արդիւնաւէտ, երիտասարդներու հմտութիւններու դրամագլուխը ծանօթացնելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային ճիշդ անձերուն դիմելու համար։

Այս բոլորին հետ նշուեցաւ նաեւ անձնական վեհ գաղափարներ կրելու անհրաժեշտութիւնը։ Տեսլական, որ կ՚ազնուացնէ անձը եւ զայն կը մղէ ստեղծագործելու, նորարարելու։

Այս գաղափարներու ետին կայ երկիրը, իբրեւ հող, իբրեւ վայր, իբրեւ կեդրոն որ հայրենիքը, ազգը կը միաւորէ։ Թուայնացման դարուն, երբ շօշափելին, նիւթականը երթալով կը զիջին անշօշափելիին, աննիւթականին, բնական է որ վայրը, իբրեւ հաւաքավայր կարեւորութիւն կը ստանայ եւ կը հաւասարակշռէ գիտութեան ու թեքնաբանութեան ստեղծած պաստառային տեղեկատուական իրականութիւնը։ Այս առումով՝ ապագային, նոյնքան էական պիտի դառնան անձերը քով-քովի բերող նախաձեռնութիւնները՝ իրական շփումները, որոնք կը ծառայեն բարեկամութիւններ, ընկերութիւններ ստեղծելու, ընտանեկան բոյներ կազմելու։  

Ժ.Չ. ■