Search
Close this search box.

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը այցելած է պատնէշապատուած «Կովերու պարտէզ»

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8-ին, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան անակնկալ այց մը կատարած է Save The ArQ (@SavetheArQ) շարժումի անդամներուն, «ի նշան զօրակցութեան՝ յանուն այս բարոյապէս արդար պայքարին», ինչպէս X-ի իր հաշիւին կը գրէ Save The ArQ՝ աւելցնելով, որ «Պատրիարքը մեծահոգաբար իր ժամանակը տրամադրեց հայ երիտասարդներուն եւ սիրով պատասխանեց մտահոգ բնակիչներու բազմաթիւ հարցումներուն։

Բոլոր անդամները իրենց անբաժան եւ հաստատակամ աջակցութիւնը յայտնեցին Պատրիարքին՝ “Կովերու պարտէզ”-ի անօրինական գործարքը յետս կոչելուն համար։

 

Վերջաւորութեան ան արտասանեց քաջալերանքի խօսքեր ու աղօթք՝ օրհնելով մեր երիտասարդները։

Մեկնելէ առաջ Պատրիարքը անսասանօրէն յայտարարեց. “Այն ամէն ինչ որ հայկական է, հայկական պիտի մնայ”։

Անոր գալուստը երիտասարդացուց եւ զօրացուց մեր պայքարը»։