Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը Ապրիլ 3-ի դէպքերուն մասին

«2024 Ապրիլ 3-ին, մօտաւորապէս ժամը 11-ին, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապօրինի տեղահանում սկսաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածէն՝ ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի գոյքը, եւ յարձակելով հոգեւորականներու եւ տեղացի հայերու վրայ:

Վտարումը կը ղեկավարէր Ասաֆ Հարէլ անուն սպան:

Երբ սպաներու խումբէն պահանջուեցաւ ներկայացնել հայ հոգեւորականներն ու տեղացի հայերը բռնի տեղահանելու, վտարելու, գոյքը ոչնչացնելու մասին արտօնագիր, վերջիններս որեւէ արտօնութիւն կամ դատարանէն որոշում չներկայացուցին եւ շարունակեցին պաշտպանել ու աջակցիլ Xana Gardens-ի ներկայացուցիչներուն՝ Հայոց պատրիարքարանի գոյքը ոչնչացնելու համար: Ապօրինի գործուղութիւնները դադրեցնելու փորձի ընթացքին քանի մը ոստիկաններ շարունակաբար յայտարարեցին, թէ եկած են արտօնագրով, սակայն երբեք չներկայացուցին յիշեալ արտօնագիրը եւ ըսին. “Մենք այստեղ ենք՝ պաշտպանելու Xana Gardens-ի աշխատողներու իրաւունքները”:

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը Սուրբ երկրի սրբատեղեաց պահապաններէն մէկն է եւ վերահսկողը Երուսաղէմի չորս թաղամասերէն մէկուն: Մենք կ’ակնկալենք ամբողջական պատշաճ գործընթաց, ինչպէս որ պաշտօնապէս տրուած է բոլորին Երուսաղէմի մէջ եւ պատասխան կը պահանջենք Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ Իսրայէլի կառավարութենէն՝ այսօրուան իրադարձութիւններուն անոնց մասնակցութեան համար:

Աներկբայ է, որ այսօրուան գրգռութիւնները Հայկական թաղամասին եւ անոր օրինական հողերուն դէմ նախադէպ ստեղծելու փորձեր են: Մենք պիտի շարունակենք ամուր կանգնիլ մեր դիրքերուն եւ պիտի հրաւիրենք ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներու ուշադրութիւնը խաղաղ հայ քրիստոնեայ համայնքի նկատմամբ այս անվերջ ոտնձգութիւններուն վրայ:

ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ»

Խմբագրական