Երուսաղէմի հայ համայնքի կոչը միջազգային հանրութեան

ՀԱՅՈՑ ԹԱՂ, ՀԻՆ ՔԱՂԱՔ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, 2024 ԱՊՐԻԼ 5 – Մենք՝ Երուսաղէմի հայ համայնքի հասարակական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ «SavetheArQ» շարժման ներկայացուցիչներս, հրատապ կոչով կը դիմենք միջազգային հանրութեան՝ խնդրելով մեր համայնքին համար խիստ վճռորոշ այս պահուն աջակցիլ Երուսաղէմի պատմական Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան։ Իսրայէլի ոստիկանութեան վերջին գործողութիւնները վտանգաւոր նշաձող հանդիսացան, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող սպառնալիքներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք մենք։

Հակառակ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ Երուսաղէմի հայ համայնքին կողմէ յարուցուած շարունակական դատական գործընթացներուն՝ ուղղուած «Կովերու պարտէզ»-ին հետ կապուած անօրինական գործարքի չեղեալ յայտարարման, Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այժմ միացած է իսրայէլացի վերաբնակներուն, որոնք գործնականօրէն կը սրեն լարումը եւ կը փորձեն տեղւոյն վրայ բռնութեամբ փոխել իրողութիւնը: Ըստ այնմ, խիստ վտանգուած է Երուսաղէմի մեր 1600-ամեայ ներկայութիւնը: Հայոց Պատրիարքարանի եւ Երուսաղէմի հայ համայնքի պատմական գոյութիւնն այժմ վտանգի տակ է։ Որպէսզի պարզ ըլլայ բոլորին, մենք միասնական ձայնով կը յայտարարենք, որ «Կովերու պարտէզ»-ի հետ կապուած՝ ստորագրուած գործարքը ջնջուած է. մեր գոյութիւնը վտանգուած է որպէս համայնք կը խախտուին մեր սեփականութեան իրաւունքները։

Մենք կը խնդրենք միջազգային հանրութենէն ճանչնալ Երուսաղէմի մեր մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան նշանակութիւնը եւ կանգնիլ մեր կողքին՝ ի պաշտպանութիւն Երուսաղէմի հայութեան գոյութեան իրաւունքին: Հայկական թաղամասը զուտ աշխարհագրական տեղանուն չէ, ան մեր մնայուն ներկայութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշն է: Անոր նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն ոչ միայն կը խաթարէ մեր համայնքին ու Պատրիարքարանին իրաւունքները, այլեւ կը սպառնայ ոչնչացնել «Հին քաղաք»-ի խճանկարը:

Մենք բոլոր շահագրգիռ կողմերուն, ներառեալ պետութիւններու ղեկավարներուն, դիւանագիտական առաքելութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն կոչ կ՚ընենք բարձրացնելու գոյութեան այս սպառնալիքի հանրային հնչեղութիւնը, համախմբուելու եւ մեզի զօրակցելով առաւելագոյն ջանքեր գործադրելու՝ կասեցնելու համար հետագայ ոտնձգութիւնները հայկական կալուածներու նկատմամբ եւ պահպանելու Հայկական թաղամասի ներկայ «Status-Quo»-ն։

Մենք համապատասխան բոլոր կողմերուն յատուկ կոչ կ՚ընենք՝ ճնշում գործադրելու իսրայէլական ոստիկանութեան վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր անմիջական օգնութիւնը, խթանումը եւ նոյնիսկ ուղեկցումը իսրայէլացի վերաբնակներուն, որոնք կ՚ուզեն, բռնութեամբ ոտնձգութիւն կատարել «Կովերու պարտէզ»-ին, հայկական թաղամասին եւ հայ համայնքին նկատմամբ։ Մենք նաեւ կոչ կ՚ընենք բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են Երուսաղէմի ամբողջականութեան, իր պատմութեան եւ բոլոր համայնքներու կենսունակութեան պահպանմամբ, պահանջելու, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պարտաւորէ տեղւոյն ոստիկանութիւնը չօգնելու, չխթանելու եւ չգլխաւորելու ընկերութեան յարձակումը հայ համայնքին վրայ, չբռնագրաւելու Հայկական թաղամասի եւ համայնքի թանկարժէք գոյքը։

Անոնք զինուած են։ Մենք՝ ոչ։ Պէտք է որ գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, ոչ թէ իսրայէլացի վերաբնակներու ապօրինի եւ ուժային ոտնձգութիւնները՝ աջակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան։ Մեր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, իրաւական գործընթացները և «Status Quo»-ն պէտք է պաշտպանուած ըլլան: Այս պահուն, իսրայէլական ոստիկանութեան եւ վերաբնակներու ձեռնարկած գործողութիւններուն հետեւանքով, բոլորը վտանգուած են: Մեր ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու պահպանումը ոչ միայն պարտականութիւն է, այլ նաեւ վկայութիւն՝ յարգանքի, հանդուրժողականութեան եւ մշակութային բազմազանութեան ընդհանուր արժէքներու, որոնք պէտք է պահպանուին Երուսաղէմի մէջ:

– Հայոց Թաղի Պահպանութեան եւ Պաշտպանութեան շարժում

– Երուսաղէմի Հայկական Բարեսիրական Միութիւն

– Հայ Երիտասարդաց Միութիւն – ՀԵՄ

– Հայ Մարմանակրթական Ընդհանուր Միութիւն – ՀՄԸՄ

– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն – ՀՅԴ

– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն – ՌԱԿ

– Հայ Օգնութեան Միութիւն – ՀՕՄ

Խմբագրական