Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան հաղորդագրութիւնը

«Այսօրուան (28 Դեկտեմբեր, 2023) դաժան յարձակումներէն անմիջապէս յետոյ ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուեցան Գերաշնորհ Տ. Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեանի լուսանկարները՝ կեղծ եւ զրպարտիչ գրութիւններով ու յայտարարութիւններով:

Հասկնալի է, որ Xana Gardens Ltd.-ի դէմ Երուսաղէմի Շրջանային  դատարանին մէջ դատ բացուելէն յետոյ՝ դատուող կողմը, դատական գործընթացին իրաւական ընթացակարգով պատասխանելու փոխարեն, նախընտրած է թիրախաւորել այնպիսի անձեր, ինչպիսին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրն է, փորձելով արատաւորել եւ վարկաբեկել Սրբազան Հօր բարի անունն ու համբաւը՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եպիսկոպոսին վերագրելով չափազանց կեղծ յայտարարութիւններ:

Շուրջ վեց շաբաթ առաջ, պրն Տընի Ռոթման (Ռուպինշթէյն) ոստիկանութեան բողոք ներկայացուցած էր Գերաշնորհ Տ. Կորիւն եպիսկոպոս Բաղդասարեանի դէմ՝ զրպարտական նմանօրինակ մեղադրական յայտարարութիւններ ընելով: Կորիւն սրբազան դատական գործընթաց սկսած է իր բարի անունն ու համբաւը պաշտպանելու եւ այդ մեղադրանքներուն կեղծ ըլլալն ապացուցելու համար:

Գերաշնորհ Կորիւն սրբազան այսօրուան զրպարտական նոր յայտարարութիւններէն յետոյ պաշտօնապէս բողոք կը ներկայացնէ ոստիկանութեան եւ դարձեալ օրինական ճանապարհով կը զբաղի իր անունն ու բարի համբաւը պաշտպանելու համար:

Յաջորդական այս կեղծ յայտարարութիւններն ու զրպարտութիւնները պարզապէս յերիւրանքներ են:

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ»

Խմբագրական